2022 թուականի դեկտեմբեր 20-ին կայացած ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին քննարկուեցաւ Արցախի շրջափակման հարցը։
ՄԱԿ-ի Ֆրանսայի ներկայացուցչուհի Նաթալի Պրոտհարստ Էստիւալը կոչ ուղղեց՝ անվերապահօրէն վերականգնելու Բերձորի միջանցքով դէպի Արցախ տեղաշարժն ու բեռներու մատակարարումները՝ երկու ուղղութիւններով, ինչպէս նաեւ յարգելու այնտեղ բնակող մարդոց իրաւունքները։
«2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի հրադադարի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւնները պէտք է կատարուին», ընդգծեց ներկայացուցչուհին։ Ան նաեւ կոչ ուղղեց՝ ապահովելու մարդասիրական կազմակերպութեանց եւ ՄԱԿ-ի ստորաբաժանումներուն անյապաղ, ազատ եւ անխոչընդոտ մուտքը շրջափակուած բնակչութեան տարածք:
«Եւրոպական միութեան հետ մէկտեղ՝ Ֆրանսան պիտի շարունակէ խթանել Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ երկխօսութիւնը, եւ պիտի աջակցի բանակցուող բոլոր խնդիրներուն շուրջ յառաջընթաց արձանագրելու ջանքերուն, ներառեալ՝ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծը, սահմանազատումը, մարդասիրական հարցերը եւ ճանապարհային հաղորդակցութեանց բացումը», եզրափակեց ան։
ՄԱԿ-ի Իրլանտայի ներկայացուցիչ Մարթին Կալակէրը կոչ ուղղեց Խորհուրդին ձեռնարկել հնարաւոր ամէն ինչ՝ կանխելու մարդկային գործօնով ստեղծուած եւս մէկ աղետի յառաջացումը՝ ի տես բոլորիս:
«Իրլանտան կ’աջակցի հակամարտութեան բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման, ներառեալ՝ Արցախի երկարաժամկէտ կարգավիճակի յստակացման։ Մենք կը պահպանենք մեր լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի միջազգային ձեւաչափին, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան աշխուժ ներգրաւուածութեան՝ այս նպատակին հասնելու համար», յայտնեց ան։
https://www.instagram.com/p/CmZ8nvIAjKQ/
https://press.un.org/en/2022/sc15154.doc.htm
https://www.dfa.ie/pmun/newyork/news-and-speeches/securitycouncilstatements/statementsarchive/statement-at-the-unsc-briefing-on-armenia-azerbaijan-lachin-corridor.html