MVRDV ճարտարապետական պիւրօն յայտարարած է, որ կը ծրագրէ Հայաստանի մէջ առկայ հովիտ մը վերածել կայուն գիւղատնտեսութեան ու բնազբօսաշրջութեան գօտիի: Գագարին հովիտը ունի մօտաւորապէս 11 000 բնակիչ: Այս յաւակնոտ ծրագիրին շնորհիւ այնտեղ պիտի աւելնան 12 000 նոր բնակարանային միաւոր, 10 000 բուսատեսակ, ինչպէս նաեւ շարք մը նորարարական յարմարութիւններ, որոնց կարգին՝ գիւղատնտեսական կրթութեան համար նախատեսուած գնդաձեւ շէնքը հովիտին ճիշդ կեդրոնը: Այս ծաւալուն նախագիծը յառաջադրուած է հայկական ոչ-առեւտրային «Դար» տարածաշրջանային զարգացման ու մրցունակութեան հիմնադրամին կողմէ, եւ MVRDV-ի առաջարկը Երեքշաբթի (11 Յունուար 2022) ներկայացուած է Հայաստանի կառավարական պաշտօնատարներուն: Այս նախագիծին նպատակն է հովիտը գրաւիչ դարձնել ինչպէս ապագայ բնակիչներուն, այնպէս ալ բնազբօսաշրջիկներուն համար, ինչը մաս կը կազմէ Հայաստանի՝ մինչեւ 2026 տարեկան 2,5 միլիոն զբօսաշրջիկ գրաւելու ծրագիրին:
https://www.designboom.com/architecture/mvrdv-gagarin-valley-armenia-01-12-2022/