«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ամէնամեայ հեռուստամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ նոր ձեւաչափով

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ամէնամեայ հեռուսամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ նոր ձեւաչափով: Հեռուստամարաթոնը պիտի սկսի տեղական ժամանակով երեկոյեան ժամը 6-ին եւ աւելի քան երեք ժամ շարունակ հիմնադրամի խումբը պիտի ներկայացնէ անցեալ տարի իրականացուած լայնածաւալ ծրագիրները թէ՛ Հայաստանի եւ մասնաւորաբար Արցախի մէջ: Հեռուստամարաթոնը պիտի ցուցադրուի Հանրային հեռուստաընկերութեան կայանէն՝ ժամը 6-էն սկսեալ, ինչպէս նաեւ ուղիղ հեռարձակում պիտի ունենայ հեռուստաընկերութեան կայքէջէն՝ www.H1TV.am յղումով: Աւելի ուշ պիտի հեռարձակուի նաեւ արբանեակային կապով, իսկ ամբողջական յայտագիրը հասանելի պիտի ըլլայ Նոյեմբեր 25-ին հիմնադրամի կայքէջին վրայ: «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի աւանդական հեռուստամարաթոնը տեղի կ'ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ տեղական ժամանակով ժամը 4-ին:

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝

https://armenpress.am/eng/news/1068850.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *