Երկրորդական վարժարանի շրջանաւարտներուն «Վերջին պարը» դարձաւ շրջափակուած արցախահայութեան խորհրդանիշը

Շարունակուող քաղաքական բանակցութիւններուն եւ Արցախի մէջ բնիկ հայերուն ապագային վերաբերող մտահոգութիւններու լոյսին ներքոյ՝ երկու պատանիներ ներկայացան որպէս զօրութեան խորհրդանիշներ: Ստեփանակերտի մէջ, երկրորդական վարժարանի աւարտական արարողութեան ընթացքին, Կարէն Գալստեանն ու իր դասընկերուհին՝ Անին, օգտուելով առիթէն՝ ուրախութեամբ պարեցին տեղատարափ անձրեւուն տակ: Ատիկա սկիզբը հասարակ չարաճճիութիւն մը թուեցաւ, սակայն շատ արագ նշանակալից դարձաւ՝ մարմնաւորելով երիտասարդ սերունդին անսասան վճռականութիւնն ու սէրը իրենց հայրենի հողին՝ Արցախի հանդէպ:

Յորդառատ անձրեւուն տակ՝ այս երկու դպրոցական աշակերտներուն պարին ականատես դարձած հազարաւոր հայերուն համար տեսարանը ե՛ւ դառն ու քաղցր էր, ե՛ւ ֆիլմային: Հայկական մշակոյթին մէջ խորհրդանշականօրէն «Վերջին զանգ» անուանումով շրջանաւարտութեան արարողութիւնը յուզիչ իմաստ մը ստացաւ։ Դժբախտութեան պայմաններու ներքոյ, պատանի պարողները, աշխարհին յիշեցուցին իրենց պապենական հողին վրայ ապրելու իրենց անսասան վճռականութեան մասին: Անոնք իրենց պարը ներկայացուցին իբրեւ դիմադրութեան ձեւ, եւ իբրեւ անկոտրում ոգիի դրսեւորում:

https://www.rferl.org/a/nagorno-karabakh-teenagers-rain-dance-symbol-blockade/32432893.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *