Նոր Ջուղա, Սպահան, Իրան
Բնակչութիւնը՝ 12 000
Իրանցի առաջին բեմադրիչը, Իրանի մէջ առաջին տպագրատան հիմնադիրը, իրանցի առաջին կին աստղագէտը, Թեհրանի առաջինը քաղաքապետը, իրանցի առաջին կին լեռնագնացը, երկրի առաջին փլաստիկ վիրաբուժը՝ բոլորն ալ ազգութեամբ հայեր էին: Անոր համար Իրանի մէջ հայերը կը մեծարուին: Հայկական համայնքներէն Սպահանը, որ յայտնի է նաեւ Նոր Ջուղա անունով, առանձնայատուկ տեղ ունի: Ան ամենամեծ ու ամենահին Սփիւռքն է Իրանի մէջ:
Արտաքսման պատմութիւնը.
1603-ին Պարսկաստան գրաւեց Արեւելեան Հայաստանի մեծ մասը, այդ կարգին՝ Ջուղան: 1604-1605 թուականներուն Շահ Աբբաս լսեց Օսմանեան բանակի բուռն յարձակումին մասին, ուստի հրամայեց արտաքսել Արեւելեան Հայաստանի բնակիչները եւ զանոնք ուղարկել դէպի Իրանի ներքին գաւառները՝ թրքական զօրքերու ճամբուն վրայ «մեռեալ գօտի» ստեղծելու նպատակով: Այսպիսով 300 հազար հայ յայտնուեցաւ Իրան: Անոնց մեծ մասը Ջուղայէն էր, որ կը գտնուէր Արաքս գետի ափին (Նախիջեւանի տարածք):
Ինչպէ՞ս կրցան հայերը դրամ շահիլ Իրանի մէջ:
Արտաքսուած հայերու ապստամբութիւնը կանխելու համար Շահ Աբաս արտօնեց, որ անոնք դաւանեն իրենց հաւատքն ու մշակոյթը: 1617-ին ան չեղեալ յայտարարեց Անգլիոյ հետ առեւտրային պայմանագիրը եւ յանձնեց Նոր Ջուղայի վաճառականներուն. մենաշնորհ՝ իրանական մետաքսի արտահանման վրայ: Սպահան Հնդկաստանէն Կոստանդնուպոլիս Մետաքսի ճանապարհի գլխաւոր քաղաքներէն մէկն էր: Կարճ ժամանակի մէջ հայերը դարձան Պարսկաստանի ամենահարուստ մարդիկը: Հայ վաճառականները հիմնեցին Նոր Ջուղայի հայկական առեւտրային ընկերութիւնը, որ ոչ միայն առեւտուրով կը զբաղէր, այլ նաեւ դիւանագիտական առաքելութիւններ կ'իրանակացնէր եւրոպական երկիրներու եւ Ռուսական կայսրութեան մէջ: Համայնք մտնելու համար հայ ըլլալը բաւարար գործօն չէր. պէտք էր ըլլալ կա՛մ վաճառական, կա՛մ հարուստ հոճա, կա՛մ գործակալ: Աւելին՝ պէտք էր ըլլալ քաղաքի բնակիչը կամ ջուղայեցի:
Սփիւռք՝ Սփիւռքի մէջ, թէ ոչ չէք կրնար նստիլ մեզի հետ:
Տարբեր արձանագրութիւններու մէջ Նոր Ջուղայի հայերը համայնքի անդամները կոչած են «մեր ժողովուրդը», եթէ ոչ «Ջուկին ազգը»: Արդարեւ, «Սփիւռք՝ Սփիւռքի մէջ էր»: Զիրենք զգալիօրէն կը տարբերէին ուրիշ հայերէ: Անոնք ունէին հայերէնի յատուկ բարբառ, սեփական օրացոյց ու յարաբերութիւններու կարգեր եւ ընդհանուր ընկճախտ մը՝ արտաքսման պատճառով: Ահաւասիկ այնտեղէն ձեւաւորուած է յատուկ ինքնութիւն մը: