Ինչպէ՛ս 1.600-ամեայ այբուբենը ձեւաւորեց հայկական ինքնութիւնը

Երբ կեցած էի Երեւանի մերձակայքը գտնուող Այբուբենի պուրակին մէջտեղը, անկարող էի զսպելու ինքզինքս՝ զգալու շրջապատող պատմութեան ծանրութիւնը: Հայկական այբուբենի իւրաքանչիւր տառը ներկայացնող կոթողը կանգնած էր՝ իբրեւ լուռ վկայ 1.600 տարուան ժառանգութեան: Այստեղ էր, որ ես սկսայ ընկալել հայոց այբուբենի խոր նշանակութիւնը՝ ոչ միայն որպէս հաղորդակցութեան միջոց, այլ որպէս հայ ժողովուրդի տոկունութեան ու ինքնութեան խորհրդանիշ:

Զբօսավարիս՝ Սոֆիա Յակոբեանի ուղեկցութեամբ մենք շրջագայեցանք Այբուբենի պուրակը, ուր ան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս հրաբուխային տուֆէ ժայռերուին վրայ մանրակրկիտօրէն փորագրուած իւրաքանչիւր տառ կը մարմնաւորէ դարերու ժառանգութիւնը: Երբ մենք կը զբօսնէինք, ան պատմեց Մեսրոպ Մաշտոցի հայոց գիրներու հնարամիտ գիւտին մասին ՔԵ 5-րդ դարուն, որ դիւրացուց Աստուածաշունչին թարգմանութիւնը եւ հիմք դրաւ հաշուային ու թուագրութեան համակարգին: Յակոբեանի շարադրանքը կ’ընդգծէր Մաշտոցի հանճարեղութիւնն ու անոր ստեղծագործութեան մնայուն նշանակութիւնը՝ խորհրդանշելով հայկական ինքնութիւնը դարաւոր մարտահրաւէրներու լոյսին ներքոյ:

Նայելով Մաշտոցի արձանին եւ այբուբենի կոթողներուն, ես չէի կրնար չարտայայտել ակնածանքս ու մեծարանքս ատոնց ներկայացուցած հարուստ մշակութային ժառանգութեան հանդէպ: Կենալով Այբուբենի պուրակի գեղեցկութեան մէջ ու հեռուէն երեւցող Արագած լեռան բարձր գագաթներու բնապատկերին ներքոյ՝ ես հասկցայ, որ հայոց այբուբենին պատմութիւնը լոկ տառերու եւ բառերու պատմութիւն մը չէ, այլ ատիկա ժողովուրդին տոկունութեան վկայութիւնն է, որ դիմադրած ու յաղթահարած է անթիւ ու անհամար մարտահրաւէրներ պատմութեան ընթացքին:

Հեղինակը՝ «BBC ճամբորդ»-ի գրող, լուսանկարիչ Սուկաթո Մուքերճի:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *