Search
Close this search box.

«ԻԲարի» ընկերութիւնը իր արտադրանքները կ'արտահանէ աւելի քան 10 երկիրներ

«ԻԲարի» ընկերութեան համահիմնադիր եւ տնօրէն Նիքոլայ Մխիթարեան կ'ուզէ, որ Հայաստան որպէս պտուղներու երկիր ճանչցուի աշխարհին մէջ: Նիքոլայ իր պիզնեսը սկսած է երեք տարի առաջ՝ օրկանական մեղր արտադրելով: Ներկայիս «ԻԲարի» կ'արտադրէ պտուղի քաղցրաւենիք, մեղր, բրինձ, նռան գինի, չոր միրգեր եւ տեսակաւոր թէյեր: Արտադրանքները յաջողած են արագօրէն իրենց տեղը գրաւել շուկային մէջ՝ շնորհիւ իրենց նորարարական բաղադրիչներուն, համեղ համին, որակին եւ ճիշդ ապրանքանշումին: Անոնք առողջարար են՝ զերծ ըլլալով քիմիական նիւթերէ: Այժմ մեզ կ'ոգեւորէ այն միտքը, որ այն ապրանքները, որոնց վրայ գրուած է «Արտադրուած է Հայաստանի մէջ», պիտի յայտնուին աշխարհի լաւագոյն խանութներուն մէջ»,- ըսած է Նիքոլայ Մխիթարեան: «ԻԲարի»-ն իր արտադրանքները կ'արտահանէ աւելի քան տասը երկիրներ, ներառեալ՝ Ռուսաստան, ԱՄՆ, Պելառուս, Ղազախիստան, Անգլիա, եւ աշխարհագրութիւնը դեռ կ'ընդլայնուի: Հերթը Չինաստանինն ու Մալայզիայինն է:

Ամբողջական տեսանիւթ-զեկոյցը տեսնել «Արքա» լրատուական գործակալութեան մէջ՝

http://arka.am/en/news/business/i_bari_exports_its_produces_to_more_than_10_countries/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *