Մարինա Աղայեան կենսա-արհեստագիտական ոլորտին մէջ Հայաստանի ձգտումներուն մարմնաւորումն ու արտացոլումն է:
Աղայեան հիմնադիրն է AIP ոսկրային ու մկանային յարմարեցուած փոխադիրներ արտադրող գիտական, կենսա-ճարտարագիտական ընկերութեան, որ կ'օգտագործէ 3D տպագրական ու կենսաքայքայուող նիւթեր, որոնք կը նպաստեն նոր ոսկորներու աճին:
Աղայեան կենսա-արհեստագիտական ձեռնարկատէրերու աւանգարդի մէկ մասն է, որուն նպատակն է արտադրական հանգոյց, ծրագրային նորարար ապահովում եւ թուաբանական կաղապարներ պատրաստել Հայաստանի մէջ:
Ընկերութիւններու եւ կրթական նախաձեռնութիւններու լռելեայն զարգացող էքօ-համակարգին մէջ բացառիկ հիմնադիրներէն շատերը կիներ են, ինչպէս ինքը, որոնք կը ներկայացնեն խառնուրդ մը գործառութային հմտութիւններու եւ բացառիկ վճռակամութեան:
Ըստ Հայաստանի կենսա-տեղեկատուական հիմնարկին՝ կենսա-արհեստագիտական ոլորտի մասնագէտներուն 60-էն 70 տոկոսը կին է (աշխարհի կենսա-արհեստագիտական ընկերութիւններու 47 տոկոսին հետ համեմատած): Անոնք կը նպաստեն Հայաստանի կենսա-արհեստագիտական ոլորտի աճին:
Ամբողջական՝ «Հայաստանի հանրային ռատիօ»-ի մէջ
https://www.fastcompany.com/90755938/in-armenias-biotech-boom-remarkable-women-are-leading-the-way