Search
Close this search box.

«Քարաբերդ տուն». նոր կեանք՝ Լոռիի Քարաբերդ գիւղին

«Քարաբերդի տուն»-ը նախագիծ է, որուն նպատակն է վերակենդանացնել Քարաբերդ գիւղը՝ Հայաստանի Լոռի մարզի ամենաքիչ բնակութիւն ունեցող վայրը, որ կը գտնուի Հայաստանի՝ մեծութեամբ երրորդ քաղաք Վանաձորէն մօտ տասը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Չորս երիտասարդներ՝ Վաչէն, Յարութը, Առաքելը եւ Անին, տարբեր դրամահաւաքներու միջոցով մեկնարկեցին «Քարաբերդի տուն» ծրագիրը՝ նպատակ ունենալով երիտասարդները ետ բերելու այս գիւղը։ Գիւղական շրջանները, ինչպիսին է՝ Քարաբերդը, ուր չկայ պիզնես կամ աշխատանքի հնարաւորութիւն, ուր բնակիչները կը տուժեն ելեկտրականութեան անջատումներէն եւ երբեմն ջուրի պակասէն, նման ծրագիրներու խիստ կարիքը ունին, որպէսզի շարունակեն ապրիլ այդտեղ: Քարաբերդի մէջ կառուցուած իւրաքանչիւր տուն կ'արժէ 300 տոլար։ Տան կառուցումին աջակցիլը հնարաւորութիւն կու տայ բարերարներուն՝ տարուան ընթացքին որոշակի ժամանակահատուածով այդ տունը մնալու: Դրամահաւաքները օգնեցին գիւղին մէջ մեծ տուն գնելու, որ դարձաւ հիւրատուն՝ այցելուները տեղաւորելու համար։

Ամբողջական տեսանիւթը դիտել «Սիվիլնեթ»-ի մէջ՝ @civilnet.am

https://www.civilnet.am/news/645500/karaberd-house-breathing-new-life-into-a-lori-village/?lang=en

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *