«Ապրելու ցանկութիւն». արցախցի բեմադրիչին ֆիլմը Կաննի փառատօնին յաղթող ճանչցուած է

Արցախցի երիտասարդ ու տաղանդաւոր բեմադրիչ Մարիամ Աւետիսեան Կաննի փառատօնին «Ապրելու ցանկութիւն» ֆիլմին համար արժանացած է «Վաւերագրական ֆիլմի լաւագոյն բեմադրիչ» մրցանակին: Իր հերթին, ֆիլմը ճանչցուած է «Բնիկ մարդոց մասին լաւագոյն ֆիլմ» անուանակարգի յաղթող:

Ըստ Աւետիսեանի՝ «Ապրելու ցանկութիւնը» կը կեդրոնանայ Արցախի յետպատերազմեան կեանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ կը յաղթահարեն հակամարտութեան հետեւանքները:

Ֆիլմը ներկայացուած է Թորոնթոյի, Աւստրիոյ, ԱՄՆ-ի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի տարբեր փառատօներուն՝ արձանագրելով մեծ յաջողութիւններ:

Ամբողջական նիւթը՝ «News.am»-ի մէջ՝

https://style.news.am/eng/news/85023/artsakh-film-directors-movie-becomes-winner-at-cannes-film-festival.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *