Թուրքիոյ մէջ հայ, հրեայ եւ յոյն փոքրամասնութիւններու 22 դպրոցները վատ վիճակի մէջ կը գտնուին թէ՛ նիւթական խնդիրներու եւ թէ՛ աշակերտներու թիւի նուազումին պատճառով: Քրտամէտ ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ հանդէս եկած է նոր քաղաքականութիւն մը մշակելու գաղափարով՝ փոքրամասնական դպրոցներու գոյատեւման նպաստելու նպատակով: Նոյեմբեր 2-ին Թուրքիոյ ազգային կրթութեան նախարարութեան 2022 թուականի պիւտճէի քննարկումին հայազգի պատգամաւորը Ծրագրումի եւ Պիւտճէի կոմիտէին առաջարկ ներկայացուցած է՝ փոքրամասնական դպրոցներու պաշարները յաւելելու համար: Ցաւօք, իր առաջարկը մերժուեցաւ իշխող Արդարութեան եւ զարգացում կուսակցութեան եւ անոր դաշնակից Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պատգամաւորներուն ձայներով: Ընդդիմադիր կուսակցութիւններու՝ Լաւ կուսակցութեան եւ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորները չեն քուէարկած եւ ձեռնպահ մնացած են: Ամբողջական նիւթը կարդալ «Greek City Times»-ի մէջ՝
https://greekcitytimes.com/2021/11/18/turkey-greek-armenian-schools/