Մասաչուսեց-Հայաստան սերմերու հիմնադրամ

ԴԻՄՈՒՄՆԵՐՈՒ ԸՆԴՈՒՆՈՒՄ

Այս տարի սկիզբ կ’առնէ սերմերու նոր հիմնադրամ մը՝ աջակցելու յառաջադէմ հետազօտութիւններուն եւ խորացնելու ակադեմական համագործակցութիւնը Մասաչուսեցի արհեստագիտութեանց հիմնարկի եւ Հայաստանի միջեւ:
Հրաւիրուած են Մասաչուսեցի արհեստագիտութեանց հիմնարկի եւ Հայաստանի համալսարաններու կամ գիտահետազօտական հիմնարկներու համատեղ անձնակազմերը՝ ներկայացնելու իրենց առաջարկները:
Առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի այն նախագիծերուն, որոնք՝
1. կ’առաջարկեն հաւասարակշռուած փոխանակում Մասաչուսեցի եւ Հայաստանի անձնակազմերուն միջեւ,
2. կը փոխլրացնեն երկու անձնակազմերուն միջեւ,
3. կը ներգրաւեն պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոսականի ուսանողները:

Դիմումներուն ընդունման վերջնաժամկէտը՝ 12 դեկտեմբեր 2023:
Առաւելագոյն մրցանակը՝ 25.000 ամերիկեան տոլար:
Եթէ օգնութեան կարիք ունի՞ք Մասաչուսեցի արհեստագիտութեանց հիմնարկի փրոֆեսորներէն կամ հետազօտողներէն համագործակից գտնելու,

ապա զննարկեցէ՛ք հիմնարկին հետազօտական կեդրոնները, աշխատանոցները եւ ծրագիրները՝ https://web.mit.edu/research/centers-labs-programs/ կայքին վրայ կամ կապ հաստատեցէ՛ք mit-eurasia@mit.edu հասցէի միջոցաւ:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *