«Պարոն Ազնաւուր». գեղարուեստական ֆիլմ, որ պիտի թողարկուի 2024-ին

Նախագիծը կը մշակուի 2020 թուականէն ի վեր՝ Շարլ Ազնաւուրի որդւոյն՝ Նիքոլա Ազնաւուրի հետ համագործակցութեամբ։ Նկարահանումները սկիզբ պիտի առնեն 2023-ի ամռան, պիտի թողարկուի 2024-ին՝ Ազնաւուրի հարիւրամեակին առթիւ:
Ֆիլմը պիտի նկարագրէ Շարլ Ազնաւուրի՝ 1950-ականներուն յայտնի աստղ դառնալուն պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր բարեկամական կապերուն մասին՝ բազմաթիւ արուեստագէտներու հետ, ներառեալ՝ Էտիթ Փիաֆի, ով զինք իր հետ շրջագայութեան տարած էր Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ: Ֆիլմահաններն են՝ երգիչ-ֆիլմահան Մեհտի Իտիրը եւ ֆրանսացի բանաստեղծուհի Ֆապիեն Մարսաուտը, որ պաշտօնապէս յայտնի է իբրեւ «Կրանտ քորփ մալատ», իսկ արտադրողը՝ «Քալուշ սինեմա»-ն եւ «Մանտարին ընկերութիւն»-ը:
Թահար Ռահիմը, որ ֆիլմին մէջ պիտի մարմնաւորէ Շարլ Ազնաւուրը, ալճերիացի ծագումով ֆրանսացի դերասան է, որ հանդէս եկած է Նազարէթ Մանուկեանի դերակատարութեամբ Ֆաթիհ Աքընի «Կոտորածը» ֆիլմին մէջ։ Մարտիկ Մարթինի հեղինակած ֆիլմը հայ երիտասարդի մը կեանքին եւ փորձին մասին է՝ Հայոց ցեղասպանութեան լոյսին ներքոյ եւ աշխարհի տարբեր ծագերուն ատոր արձագանգները: Դերասանը կրկնակի «Սեզար» մրցանակի դափնեկիր է եւ իր աշխատանքային կեանքին ընթացքին արժանացած է Պաֆթայի եւ Ոսկեգունդի անուանակարգերուն:
Արտադրող Ժան-Ռաշիտ Քալուշը, որ ամուսնացած է Շարլ Ազնաւուրի դստեր՝ Քաթիա Ազնաւուրի հետ, յայտնածէ, թէ հանգուցեալ երգիչը վախճանելէն առաջ օրհնած է իր կենսագրական ֆիլմը նկարահանելու՝ 2018 թուականին, եւ թէ անոր գաղափարն էր, որ ֆիլմը կեդրոնանայ իր կեանքին առաջին հանգրուանին վրայ՝ «Զերոյէն վերելք փառքի»։

https://www.instagram.com/p/CostgCMyzQT/
https://www.instagram.com/p/CosOu8tP8oC/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *