Լեռնային Ղարաբաղ. վտանգուած հայկական ժառանգութիւն

Լեռան հիասքանչ ետնապատկերին վրայ աւելի քան 1.000 շէնքեր, եկեղեցիներ, վանքեր եւ խաչքարեր կը պատկերեն՝ հայ ժողովուրդին շուրջ 2.000 տարուան թուագրուող վտանգուած մշակութային ժառանգութիւնը:

Լեռան հիասքանչ ետնապատկերին վրայ աւելի քան 1.000 շէնքեր, եկեղեցիներ, վանքեր եւ խաչքարեր կը պատկերեն՝ հայ ժողովուրդին շուրջ 2.000 տարուան թուագրուող վտանգուած մշակութային ժառանգութիւնը:

Դուք կրնաք միանալ ուղեցուցային շրջագայութեան, շուրջ 20 վայրկեան, կամ չորեքշաբթի՝ յունուար 3-ին, կամ չորեքշաբթի՝ յունուար 10-ին, ժամը 13:00-էն մինչեւ 14:00:

Լեռնային Ղարաբաղը կամ Արցախը, պատմականօրէն Մեծ Հայքի շրջաններէն մէկն է՝ առաջին քրիստոնէական թագաւորութիւնը։ Ատոր ժառանգութիւնը՝ Հայաստանի փայլուն քաղաքակրթութիւնը, մեծ սպառնալիքի տակ յայտնուած է Ատրպէճանի ներխուժումէն եւ տարածաշրջանի 120.000 բնակիչներու Հայաստան փախելէն ետք: 3.000 տարուան մէջ, առաջին անգամ ըլլալով, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այլեւս չկայ հայկական ներկայութիւն. դեռ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ատրպէճանական զօրքերը ռմբակոծած էին Լեռնային Ղարաբաղի պատմական մայրաքաղաք Շուշիի մայր տաճարը։ Այս ցուցահանդէսին միջոցաւ «Լովր տ’Օրիենթ»-ը նպատակ ունի բարձրացնելու Լեռնային Ղարաբաղի հայկական ժառանգութեան մասին իրազեկութիւնը, եւ յարգանքի տուրք մատուցելու Արցախին ու անոր ժողովուրդին, որ այսօր կ’ապրի տարագրութեան մէջ:

https://oeuvre-orient.fr/evenements/le-patrimoine-des-armeniens-a-lhonneur-place-de-la-bastille/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *