Search
Close this search box.

Միայն Ռուսիան կրնայ ապաշրջափակել Արցախի միջանցքը. Հայաստանի պատգամաւոր

Հայաստանի Ազգային ժողովի Պաշտպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանը կը կարծէ, որ միայն Ռուսիան կրնայ բանալ Բերձորի միջանցքը՝ Արցախը Հայաստանին կապող միակ երթուղին, որ Ատրպէճանը փակած է աւելի քան 2 շաբաթէ ի վեր։
Քոչարեանի խօսքով՝ հայկական կողմին նպատակն է իրականացնել Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէճանի ղեկավարներուն միջեւ կնքուած 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները։ Անոր խօսքով՝ այդ համաձայնագիրը կը սահմանէ Ռուսիոյ զինուած ուժերու պարտաւորութիւնները՝ ապահովելու Բերձորի միջանցքի անարգել աշխատանքը։ Ան ընդգծեց, որ պէտք է հասկնալ, թէ մինչ այժմ ո՛ր դրոյթները իրականացուած են, եւ թէ ի՛նչ փոխուած է հիմա։
«Ռուսիան բազմամակարդակ շահեր ունի Ատրպէճանի հետ, բայց Ռուսիոյ համար աւելի կարեւոր է ունենալ իր զինուած ուժերու ներկայութիւնը տարածաշրջանէն ներս՝ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ»,- յայտնած է Քոչարեանը՝ դեկտեմբեր 27-ին, Հայաստանի հանրային հեռատեսիլի կայանին տուած իր հարցազրոյցին մէջ։
Քոչարեանը նաեւ նշած է, որ տարածաշրջանէն ներս անհրաժեշտ է ռազմական հաւասարակշռութեան վերականգնումը, որուն խախտումը պատերազմի յանգեցուց՝ 2016-ի ապրիլին եւ 2020-ի աշնան։ Ասիկա պէտք է զսպել, եթէ կայ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ցանկութիւն։ Իսկ կայունութիւնը անհրաժեշտ է Իրանին, Ռուսիոյ, Հայաստանին եւ Ատրպէճանին։

https://www.panarmenian.net/eng/news/304612/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *