Search
Close this search box.

Գետերու ափամերձ տարածքներու վերականգնում՝ Հայաստանի մէջ

2021-ին աւելի քան մէկ միլիոն ուռենիի կտրօններ տնկուած են Սեւանայ լիճ թափուող 10 գետերու ափամերձ տարածքին:
Ծրագիրը իրականացուցած է Միջազգային համագործակցութեան գերմանական գործակալութիւնը շրջակայ միջավայրի նախարարութեան եւ տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու նախարարութեան հետ միասին:

1012 բնակիչի տրուած է կարճաժամկէտ աշխատանք: Անոնք տնկած ու մաքրած են գետերու ափամերձ տարածքները: «Հայաստան ծառատունկ ծրագիր»-ը գործուն մասնակցութիւն ունեցաւ այս ծրագիրին մէջ՝ տրամադրելով ծառեր, վարելով դասընթացներ եւ տեղւոյն վրայ վերահսկելով:

Սոյն ծրագիրը մեղմացուց «Քովիտ-19»-ի տնտեսական հետեւանքները՝ ստեղծելով եղանակային աշխատանքի հնարաւորութիւններ, մասնաւորաբար Գեղարքունիքի մարզի գիւղաբնակչութեան համար:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *