Ապրիլ 26-ին, չեքիական արտադրութեան «L-410-UVP E20» մարդատար օդանաւը բարեյաջող վայրէջք կատարեց Կապանի Սիւնիք օդակայանին մէջ՝ Երեւանի ժամանակով 10:58-ին։ Անիկա նախատեսուած է 19 ուղեւորներու համար եւ գրանցուած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:
Թռիչքը փորձարարական բնոյթ կը կրէր։ Օդանաւը «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն բարձրացաւ ժամը 10:10-ին։ Փաստօրէն, Երեւանէն Սիւնիք կարելի է օդանաւով հասնիլ 48 րոպէի մէջ։
Կապանի օդակայանը վերանորոգուած է միջազգային չափանիշերուն համաձայն եւ հաւաստագրուած է Քաղաքացիական օդուղային կոմիտէի կողմէ՝ 2020 թուականին։
1990-ականներէն ի վեր, Կապանի օդակայանէն չուերթ չէ իրականացուած՝ բացառութեամբ 2017 թուականի մասնաւոր չուերթի մը:
https://twitter.com/robananyan/status/1651142185889280000?s=48&t=dC0VgHvXA01ZCGa3zyRFCg