«Բոլորը՝ յանուն Հայաստանի» կազմակերպութիւնը, որ կը գործէ յանուն հայրենիքի բարեկեցութեան, կայունութեան եւ ապագային, հիմնուած է 2020-ի արցախեան պատերազմի սկիզբը՝ մեկնելով հրատապ անհրաժեշտութենէ, ինչպէս «Միասին»-ը: Կազմակերպութիւնը կը ղեկավարեն հայրենադարձներ Մեթիու եւ Արազ Սահակեանները: Պատերազմի ընթացքին եւ անկէ ետք աւելի քան յիսուն կամաւորներ տասը տարբեր երկիրներէ համախմբուեցան «Բոլորը՝ յանուն Հայաստանի» կազմակերպութեան շուրջ՝ Հայաստանի՝ մեզ Արցախին կապող սահմանամերձ գիւղերէն 1000 ընտանիք սնունդով եւ անհրաժեշտ պարագաներով ապահովելու համար: Սահման երթալու եւ վերադառնալու մարտահրաւէրը հիմը դրաւ «ԿոռնիՏուն»-ին, որ կը ծառայէ որպէս կամաւորներու կեցութեան վայր: Բացի այդ՝ այնտեղ կրթութիւն կը ջամբուի երիտասարդներուն: Տեսլականը իրականացնելու նպատակով կազմակերպութիւնը իսկոյն շէնք գնեց՝ աջակցութիւն ստանալով «AYO Asso»-էն, ինչպէս նաեւ գործակցեցաւ «Միասին»-ի հետ: «ԿոռնիՏուն» կեդրոնի առաջին յարկը կը գործէ որպէս կրթական ու արհեստագիտական բաժանմունք, իսկ երկրորդ յարկը որպէս կացարան՝ կամաւորներու համար: Երեխաներն ու երիտասարդները հնարաւորութիւն ունին մասնակցելու սեմինարներու, ուր կը զինուին այնպիսի հմտութիւններով, որոնք պէտք կու գան ոչ միայն իրենց, այլ նաեւ իրենց ընտանիքներուն: Միաժամանակ առկայ է համայնքային կեդրոն մը, որուն կրնան դիմել անհրաժեշտութեան պարագային: Գոռնիձորը ռազմավարական նշանակութիւն ունի որպէս Լաչինի միջանցքէն առաջ երեք գիւղերէն մէկը, որ դէպի Արցախ կը տանի: Սահմաններու ապահովում կը նշանակէ հայաթափումի կանխում, եւ մենք կրնանք զայն կանխել՝ այնտեղ յոյս ներարկելով եւ հնարաւորութիւններ ստեղծելով՝ կ'ըսէ Մեթիու Սահակեան: