Search
Close this search box.

Սպանիոյ քոնկրէսը մերժեց վաւերացնել Ատրպէճանի հետ միջազգային պայմանագիր մը

Հինգշաբթի, նոյեմբերի 3-ին, Սպանիոյ երեսփոխանական քոնկրէսը մերժեց վաւերացնել Ատրպէճանի հետ կնքուած միջազգային համաձայնագիր մը։

Ժողովրդական եւ «Ձայն» կուսակցութիւններն ու անկախութեան կողմնակից օրէնսդիրները դէմ քուէարկեցին, 2021 թուականի դեկտեմբեր 14-ին, Մատրիտի մէջ ստորագրուած՝ գաղտնի տեղեկութեան փոխանակման եւ փոխադարձ պաշտպանութեան մասին դիւանագիտական համաձայնագիրը: «Միասին կրնանք» դաշինքը մնաց ձեռնպահ։

Երեսփոխան Եօն Ինիարիթուն համաձայնագիրը որակեց որպէս «անհեթեթութիւն»՝ հաշուի առնելով, որ Ատրպէճանի «յարձակողական վարչակարգը» Արցախի հարցով հակամարտութեան մէջ է Հայաստանի հետ։ Ինիարիթուն Ատրպէճանի վարչակարգը բնութագրեց որպէս «փտած վարչակարգ», «բռնատիրական» եւ «յարձակողական բռնակալութիւն», ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ անիկա «լեցուն է քաղաքական բանտարկեալներով»։

Մէկ այլ երեսփոխան Մարթա Ռոզիքէն քննադատեց Սպանիոյ կառավարութիւնը՝ Հայաստանի եւ Արցախի դէմ «յարձակման հարցով լռելու», ինչպէս նաեւ «Հայոց ցեղասպանութեան նման բարբարոսական իրադարձութիւն մը չճանչնալու համար»։

Աղբիւրը՝ Panarmenian.net

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *