«Քայլ դէպի տուն» ծրագիրը՝ սփիւռքահայ երիտասարդներուն համար

Հայաստանի Սփիւռքի հարցերով գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը յայտարարէ, որ ներկայիս «Քայլ դէպի տուն» երկշաբաթեայ ծրագիրի դիմումները բաց են: 13-էն 18 տարեկան 400 սփիւռքահայ երիտասարդներ պիտի բացայայտեն Հայաստանը, բարելաւեն արեւելահայերէնի ու արեւմտահայերէնի իմացութիւնը, սորվին հայկական երգեր ու պարեր, ինչպէս նաեւ այցելեն պատմա-մշակութային տեսարժան վայրեր ու կրթական հաստատութիւններ եւ մասնակցին հանդիպումներու եւ միջոցառումներու:

Դիմումի վերջնաժամկէտը 15 Մայիս 2022 է: Ծրագիրին ընթացքին բոլոր ծախսերը, ներառեալ՝ ճամբար, բնակեցում, կերակուրներ, այցեր եւ այլն, պիտի հոգայ կառավարութիւնը:

Դիմումները բաց են այն սփիւռքահայ երիտասարդներուն, որոնք Հայաստանի քաղաքացի չեն (բացառութեամբ երկքաղաքացիութիւն ունեցող անձանց) եւ նախապէս չեն մասնակցած «Արի տուն» եւ «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրներուն:

Ծրագիրը կը մեկնարկէ Յունիս 27-ին եւ տեղի պիտի ունենայ չորս փուլերով՝ մինչեւ Օգոստոս 20: Նախընտրելի փուլի մասնակցելու համար մասնակիցները պէտք է աւելի կանուխ ամբողջացնեն դիմումը:

Ամբողջական լուրը՝ «Armradio.am»-ի մէջ

https://en.armradio.am/2022/03/25/step-toward-home-program-for-diaspora-youth-launched/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *