Մանուէլ Սարիբեկեանի «Ամերիկեան բարի սամարացիները» նոր ֆիլմը

«Ամերիկացի բարի սամարացիները» ֆիլմը կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու մասին՝ կեդրոնանալով մասնաւորաբար ամերիկացի միսիոնարներուն վրայ: Ան կը միաւորէ վաւերագրական ու պատմական գեղարուեստական մօտեցումները: Ըստ արտադրիչ Մանուէլ Սարիբեկեանի՝ գեղարուեստական տեսարանները կարեւոր էին, որ մարդոց մեծ մասին համար դիտելը աւելի դիւրին ըլլար:
Ամերիկացի գրողն ու ցեղասպանագէտը եւ ուրիշ անկախ հետազօտողներ կը բացայայտեն Օսմանեան կայսրութեան (ներկայիս՝ Թուրքիա) մէջ իրականացուած ցեղասպանութիւններուն եւ ամերիկացիներու մարդասիրական օգնութեան առնչուող մանրամասնութիւններ:
Սարիբեկեանի անձնակազմը բազմաթիւ հարցազրոյցներ ունեցած է փորձագէտներու եւ գիտնականներու հետ՝ Լիբանանի, Յունաստանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի մէջ, եւ աշխատած ընդհանուր առմամբ վեց երկիրներու մէջ: Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի կեդրոնը ֆիլմի գլխաւոր հովանաւորն է: Միայն Ամերիկայի մէջ արձանագրութիւններ տեղի ունեցած են Քոնկրեսի գրադարանէն, Հարուըրտի եւ Փրինսթոնի համալսարաններէն ներս եւ այլուր՝ կապուած թեմային հետ: Անձնակազմը այցելած է դեսպան Մորկենթաուի գերեզմանը Նիւ Եորքի մէջ: Սարիբեկեան կը կարեւորէ ամերիկահայ համայնքի բացառիկ աջակցութիւնը ծրագիրը իրականացնելու գործին մէջ:
Ֆիլմի առաջին ներկայացումը տեղի ունեցած է Նոյեմբեր 2021-ին Լոս Անճելըսի «Արփա» հայկական փառատօնին:
Ամբողջական լուրը՝ «Mirrorspectator.com»-ի մէջ՝"

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *