Կանանց նորարարութեան ամէնէն մեծ համաժողովը Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ

«Ֆեմ Իննո 2023»-ը՝ կանանց նորարարութեան ամէնէն մեծ համաժողովն է տարածաշրջանէն ներս: Անիկա տեղի պիտի ունենայ յուլիս 29-30-ին: Ասիկա եզակի տօնակատարութիւն մըն է, որ ի ցոյց կը դնէ եւ կը զօրացնէ կիները գործարարութեան, գիտութեան եւ արհեստագիտութեան ասպարէզներէն ներս:

Հայաստանը պիտի հանդիսանայ՝ որպէս հզօր կանանց տաղանդի եւ առաջնորդութեան նորարարութեան նոր կեդրոն մը:
«Ֆեմ Իննո 2023»-ին նպատակն է՝ ներգրաւել թիրախաւորուած միջազգային լսարանը, որ շահագրգիռ է նորարարութեամբ ու բազմազանութեամբ: Ներկաները առիթը պիտի ունենան անձամբ խորանալու ոգեշնչող յաջողութեան պատմութիւններուն մէջ, մտքեր փոխանակելու եւ կապ հաստատելու համախոհ անհատներու հետ, որոնք փոփոխութիւններ յառաջ կը մղեն իրենց համապատասխան ոլորտներէն ներս:

Անկախ անկէ, թէ դուք յաւակնոտ ձեռնարկատէր էք, փորձառու մասնագէտ, թէ պարզապէս հետաքրքրուած էք կանանց ներուժով նորարարութեան մէջ, «Ֆեմ Իննո 2023»-ը կը հանդիսանայ զարգացման եւ հաղորդակցութեան եզակի հարթակ մը: Ասիկա առիթ մըն է՝ ձեր ցանցը ընդլայնելու, մտքեր փոխանակելու, եւ անմասն չմնալու առաջնագծին վրայ գտնուող՝ ապագան կերտող համայնքէն:

Այս ուշագրաւ հաւաքոյթին ընթացքին ձեր տեղը ապահովելու համար այցելեցէ՛ք պաշտօնական կայք. https://www.feminno.com/.

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *