Եւրոպական դատարանը բաւարարեց Հայաստանի դիմումը եւ միջանկեալ միջոցներ կիրառեց Ատրպէճանի դէմ

Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը բաւարարեց Հայաստանի ներկայացուցած դիմումը եւ միջանկեալ միջոցներ կիրառեց Ատրպէճանի դէմ։ «Եւրոպական դատարանը բաւարարեց Հայաստանի ներկայացուցած միջնորդութիւնը եւ միջանկեալ միջոցներ կիրառեց Ատրպէճանի նկատմամբ։ Մանրամասները կը ներկայացուին աւելի ուշ», հաղորդած է Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը։ Հայաստանը դիմած էր Եւրոպական դատարան՝ Ատրպէճանի կողմէ Բերձորի միջանցքը շրջափակելու հարցով։

Դեկտեմբեր 21-ին, Եւրոպական դատարանը քննեց Հայաստանի կառավարութեան հայցը՝ Ատրպէճանի դէմ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու վերաբերեալ։ Զեկոյցին մէջ նշուած է. «Հաշուի առնելով, որ այս պահուն վիճայարոյց է Բերձորի միջանցքի նկատմամբ Ատրպէճանի վերահսկողութեան հարցը, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով 2020 թուականի նոյեմբեր 9-ի Եռակողմ հռչակագրի 6-րդ կէտով Ատրպէճանի ստանձնած պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ «երաշխաւորելու Բերձորի միջանցքով երկու ուղղութիւններով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու անվտանգ տեղաշարժը», եւ յիշելով Եւրոպական կանոնադրութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ Եւրոպական դատարանը որոշեց. հիմք ընդունելով Կանոնադրութեան 39-րդ կէտը, Դատարանը կը պարտաւորեցնէ Ատրպէճանը ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ եւ բաւարար միջոցները՝ Հայաստանի մէջ բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող ծանր հիւանդներու տեղաշարժը Բերձորի միջանցքով ապահովելու համար, ինչպէս նաեւ ճամբուն վրայ մնացած անօթեւան կամ կարիքաւոր մարդոց անվտանգ տեղաշարժը դէպի իրենց բնակավայրեր»:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *