ԵՄ Դիտորդական առաքելութիւնը աւարտեցաւ, սկիզբ առաւ Ծրագրման անձնակազմի առաքելութիւնը

Հոկտեմբեր 20-ին Հայաստանի մէջ ընթացք առած Եւրոպական միութեան Դիտորդական առաքելութիւնը հասաւ իր աւարտին, փոխարէնը՝ սկիզբ առաւ Ծրագրման անձնակազմի առաքելութիւնը։
Հայաստանի, Ատրպէճանի, Եւրոպական խորհուրդի եւ Ֆրանսայի ղեկավարներուն համաձայնութեան հիման վրայ ԵՄ Դիտորդական առաքելութիւնը տեղակայուած էր Ատրպէճանի հետ միջազգային սահմանի հայկական կողմի երկայնքով՝ նպատակ ունենալով մշտադիտարկման ենթարկել, վերլուծել եւ զեկուցել տեղւոյն իրավիճակը։

«Եւրոպական դիտորդական 40 փորձագէտներու տեղակայումը արդիւնաւէտ եղած է եւ նպաստած է տիրող անկայուն իրավիճակին մէջ վստահութիւն ձեւաւորելու: Մենք ընթացք կու տանք Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական միութեան ներգրաւուածութեան նոր հանգրուանին՝ Անցումային անձնակազմի առաքելութեան, որ պարարտ հող պիտի ստեղծէ Հայաստանի մէջ ԵՄ հնարաւոր աւելի երկարաժամկէտ առաքելութեան համար՝ տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան նպաստելու վերջնարդիւնքին համար»: Այս մասին յայտարարեց ԵՄ Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորէլը։

Այս լոյսի ներքոյ՝ Խորհուրդը, համաձայնելով Հայաստանի իշխանութեանց հետ, որոշեց, որ Վրաստանի ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստան տեղակայուի Անցումային ծրագրման աջակցութեան անձնակազմի ձեւաչափով, որպէսզի բարձրանայ Եւրոպական միութեան իրազեկուածութիւնը անվտանգութեան իրավիճակին վերաբերեալ, եւ որ պարարտ հող ստեղծուի ծրագրման երկրին մէջ քաղաքացիական «Անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ընդհանուր քաղաքականութեան» առաքելութեան համար:

https://www.consilium.europa.eu/en/press/press-releases/2022/12/19/armenia-eu-monitoring-capacity-completes-its-mandate-new-planning-team-launched/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *