Արցախցի վեց ընտանիքի՝ սեփական տուն ունենալու երազը եւս իրականութիւն դարձաւ։ Շահագործման յանձնուած են «100 տուն Արցախի մէջ» նախագիծի առաջին առանձնատուները։
«Ապրելու Արցախ» հիմնադրամի եւ Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան գործակցութեամբ Ասկերանի շրջանի Դահրաւ համայնքին մէջ արդէն մէկ տարի աշխոյժ շինարարութիւն կ'ընթանայ։
Բնակարանամուտին ներկայ էին նաեւ ծրագրի խոշոր նուիրատուները։ Yeremyan Projects-ը վերաբնակեցուած ընտանիքներուն խոշոր եղջերաւորներ, խոզեր եւ հաւեր նուիրած է, որպէսզի մշտական զբաղում եւ կայուն եկամուտ ունենան։
160 միլիոն դրամ հանգանակուած է այս մէկ տարուան ընթացքին։ «Առաջին վեց տուներէն բացի՝ արդէն կան յաջորդ տասը տուներու նախագիծերը եւ աշխատանքները կը կատարուին»,- կ'ըսէ «Ապրելու Արցախ» հիմնադրամի համահիմնադիր Մանէ Թանդիլեան։
Յուլիս 31-ին «100 տուն Արցախի մէջ» նախագիծի պատասխանատուները ընդունած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան՝ վերահաստատելով, որ մեկնարկած ծրագիրը կարեւոր է ոչ միայն ընկերային խնդիրներու լուծման, այլ նաեւ ռազմավարական, այլ խօսքով՝ Արցախի մէջ հայկակականութեան պահպանման առումով: