Ռուսական խաղաղապահ առաքելութիւնը Արցախի մէջ պիտի աւարտի 2025-ին. Ալիեւ

Ատրպէճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը պիտի հեռանայ տարածաշրջանէն 2025 թուականին՝ 2020 թուականին սկզբնապէս տեղակայուելէն հինգ տարի անց։
Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէճանի ղեկավարներուն կողմէ 2020 թուականի Արցախեան պատերազմի աւարտին մասին եռակողմ յայտարարութեան համաձայն՝ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը տեղակայուեցաւ հինգ տարի ժամկէտով։ Եթէ կողմերէն մէկը այս ժամկէտի աւարտէն վեց ամիս առաջ յայտարարէ առաքելութիւնը աւարտելու իր մտադրութեան մասին, ապա անիկա չ’երկարաձգուիր։
Ատրպէճանի կողմէ Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող Բերձորի միջանցքի փակումէն գրեթէ մէկ ամիս անց՝ յունուար 10-ին, Ալիեւը յայտարարեց, որ «պատրաստ է Արցախի մէջ ապրողներ հայերուն ապահովելու բոլոր անվտանգային պայմաններով ու իրաւունքներով, որոնցմով օժտուած են Ատրպէճանի քաղաքացիները՝ Ատրպէճանի դրօշին ներքեւ։ Իսկ ովքեր չեն ուզեր դառնալ Ատրպէճանի քաղաքացիներ, ապա Բերձորի միջանցքը բաց է անոնց առջեւ՝ հեռանալու տարածքէն, ոչ ոք կ’արգիլէ իրենց»։
Ալիեւը նաեւ նշեց, որ 2023 թուականը Հայաստանի համար Ատրպէճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու վերջին հնարաւորութիւնն է։ «Ասիկա վերջին հնարաւորութիւնն է, քանի որ 2025 թուականին պիտի աւարտի ռուս խաղաղապահներուն առաքելութիւնը։ Հայերը պէտք է քիչ մը աւելի հեռատես ըլլան»,- եզրափակեց ան։

https://panarmenian.net/eng/news/304778

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *