Իր դռները կը բանայ Գիրքի երեւանեան վեցերորդ միջազգային փառատօնը

"Սունտուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնէն ներս, մայիս 25-էն 27-ը, տեղի պիտի ունենայ Գիրքի երեւանեան վեցերորդ միջազգային փառատօնը։ Աւելի քան 50 գրողներ, հրատարակիչներ եւ մշակութային կազմակերպութիւններ, Հայաստանէն թէ արտերկրէն, պիտի մասնակցին հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն լեզուներով իրականացուող 25 միջոցառումներուն։ Մուտքը ազատ է, գիրքերը պիտի վաճառուին 20-էն 50 տոկոս զեղչով։ Փառատօնը կ’իրականացուի Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, գլխաւոր հովանաւորն է Երեւանի քաղաքապետարանը եւ գործընկեր մի քանի կազմակերպութիւններ: Փառատօնի յայտագրին ծանօթացէ՛ք հետեւեալ յղումով՝ https://bit.ly/3NJdorS.

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *