Էջմիածնի «Պատանի առաջնորդներու դպրոցը»՝ երկուշաբթի, 27 փետրուարին նշեց իր առաջին հունձքին շրջանաւարտութիւնը։
Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկան՝ Առաջնորդութեան դպրոցի հիմնադիր Սամուէլ Մովսիսեանը, «DiasporArm»-ի գործադիր տնօրէն Ցոլին Սարեանը, եւ Էջմիածնի քաղաքապետարանի Կրթութեան եւ մշակոյթի վարչութեան պետ Լիլիթ Յակոբեանը։

Ծրագրին լրացուցիչ կարեւոր իրադարձութիւնները կը ներառէին ընտրուած շրջանաւարտներուն ելոյթները, ջութակի եւ քանոնի կատարումները՝ տեղի երաժիշտներուն կողմէ, ինչպէս նաեւ վկայականաց տօնական բաշխումը:
13-էն 19 տարեկան երիտասարդաց քառամսեայ ծրագիրը կ’ապահովէ արժէքներու, հմտութիւններու եւ գիտելիքներու ամուր հիմք, որոնք անհրաժեշտ են կեանքին եւ աշխատանքին մէջ յաջողութեան հասնելու համար:
«Պատանի առաջնորդներու դպրոց»-ին առաջին շրջանաւարտները կը սկսին նոր էջ մը իրենց կրթական կեանքէն ներս, եւ կը հաստատեն համայնքային գործունէութեան մէջ ներգրաւուելու իրենց յանձնառութիւնը: