Հայաստանի առողջապահական համակարգի փոխակերպում. քանակական սխալ պատկերացումներէն դէպի որակական կայունութիւն

Անկախութենէն երեսուն տարի անց Հայաստանի առողջապահական համակարգը հասած է որոշ յաջողութիւններու, բայց ընդհանուր առմամբ կը մնայ անարդիւնաւէտ, սխալ կառավարուող, աւելին՝ ի վիճակի չէ գոհացնելու հայ հասարակութեան առողջապահական հիմնական կարիքները: Ենթակառուցուածքներու եւ մարդկային պաշարներու վատ բաշխումի, պետական թոյլ վերահսկողութեան, ընկերա-տնտեսական անհաւասարակշռութեան եւ պետական ցած ֆինանսաւորումի պայմաններուն մէջ Հայաստանի առողջապահական համակարգը կը պայքարի իր սահմանադրական պարտաւորութիւնները կատարելու համար: Անոր վրայ կու գան աւելնալու ձախողումներ որոշակի պարտականութիւններ ի կատար ածելու հետ կապուած՝ միջազգային նախաձեռնութիւններու նկատմամբ պարտաւորութիւններու առընթեր: Ինչպէս ցոյց կու տան քանակական ցուցանիշները, Հայաստանի խնդիրը այլեւս անբաւարար պաշարները չեն: Առողջապահական ոլորտը, ընդհանուր առմամբ, ունի մեծ մասը այն բոլորին, որ իրեն պէտք է, իսկ Սփիւռքը, երբ խօսքը կը վերաբերի պաշարներու կուտակման, միշտ ներկայ է այնտեղ: Ուստի Հայաստան պէտք է կեդրոնանայ համակարգին, լաւ կառավարման, առաջնորդութեան, առաջնահերթութիւններու, համակարգման եւ գործակցութեան գործընթացներուն վրայ, որոնք թոյլ կու տան իրեն աւելի արդիւնաւէտօրէն օգտագործելու իր պաշարները: Եթէ մենք բժշկական աւելի լաւ կրթութիւն կ'ուզենք, ապա պէտք է բարելաւենք բժշկական կրթութեան համակարգը եւ ոչ թէ պարզապէս շատ դասախօսութիւններ կարդանք: Եթէ կ'ուզենք աւելի արդիւնաւէտ ըլլալ քաղցկեղով հիւանդներուն, պէտք է ձգտինք ունենալու այնպիսի համակարգ մը, որ գիտէ, թէ ի՛նչ քայլ պէտք է առնուի, եւ ոչ թէ պարզապէս քաղցկեղի աւելի շատ վիրահատութիւններ ընենք: Պարզ ըսած, պէտք է տալ հետեւեալ հարցը. Ի՞նչ կրնանք ընել, որ համակարգը աւելի լաւ աշխատի՝ փոխանակ շահագրգռուելու մէկ ուրիշ նախաձեռնութեամբ, որ հետամուտ է վիրակապ դնելու գարշահոտ վէրքին վրայ:

Ամբողջական զեկոյց-կարծիքը կարելի է կարդալ «EVN Report»-ի մէջ՝

https://www.evnreport.com/magazine-issues/transforming-armenia-s-healthcare-system-from-quantitative-misconceptions-to-qualitative-sustainability

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *