Թուրքիոյ Քոչ համալսարանը խզած է Օսմանեան պատմութեան մասին գիրքի պայմանագիրը՝ հեղինակին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը գործածուած ըլլալուն համար: Այս մասին կը յայտնէ խմբագիր Օնուր Ինալ:
Համալսարանը պահանջած է ջնջել կամ վերաշարադրել համապատասխան հատուածը, եւ այնուհետեւ խզած պայմանագիրը, երբ Ինալ եւ համախմբագիր Եաւուզ Քէօսէ մերժած են՝ ըստ պատմաբանին:
«Հրատարակիչին պատասխանեցինք, որ մենք չենք ընդունիր նախադասութիւնը ջնջելու կամ վերաշարադրելու իրենց պահանջը, որովհետեւ նոյնինքն եզրը գործածելը արգիլուած չէ: Աւելին՝ հրատարակիչին յայտնեցինք, որ խնդրոյ առարկայ եզրը պարունակող նախադասութիւնը մէջբերում է մէկ այլ գործէ, եւ թարգմանութիւն մը, որ հաւատարիմ չի մնար բնագիրին, կը համարուի գրաքննութիւն»:
«Պայմանագիրին չեղարկումը կը հակասէ ակադեմական ազատութեան եւ հրատարակչական վարքագիծին»,– կը նշեն ակադեմականները:
Ամբողջական լուրը՝ «Panarmenian.net»-ի մէջ՝ Pan Armenian.net.