ԱՄԷ-ն լայնածաւալ ծրագիրներ պիտի իրականացնէ Հայաստանի մէջ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած այցին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան քննարկած է հողմային ուժանիւթի ոլորտին մէջ լայնածաւալ ներդրումներու հնարաւորութիւնը, մասնաւորաբար 500 մեկաուաթ հզօրութեամբ նոր կայանի կառուցումը: Նախագահ Սարգսեան նշած է, որ Հայաստան մաքուր ուժանիւթի պաշարներու նկատառելի ներուժ ունի:

Էմիրական ընկերութիւնը՝ «Մաստար», արդէն իսկ մեկնարկած է 200 մեկաուաթ հզօրութեամբ լուսավոլտական ելեկտրակայանի կառուցման «Ayg-1» ծրագիրը, որուն շուրջ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած էր դեռ 2019-ին: Իսկ վերջին այցին ընթացքին նախագահ Սարգսեան եւ «Մաստար»-ը համաձայնած են 200 մեկաուաթ հզօրութեամբ ուրիշ լուսավոլտական ելեկտրակայան կառուցել ապագային:

ԱՄԷ աշխատանքային այցին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ «Wizz Air Abu Dhabi»-ն շուտով պիտի սկսի թռիչքներ իրականացնել դէպի Երեւան: Ընդհանուր առմամբ, աշխատանքային այցը գործնական քայլ էր արաբական աշխարհի հետ յարաբերութիւններու սերտացման ու համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Ամբողջական լուրը՝ Armradio.am.

https://en.armradio.am/2022/01/22/armenia-uae-reach-agreements-on-large-scale-projects-in-renewable-energy/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *