Search
Close this search box.

Լիւքսեմպուրկի համալսարանին պիտի բացուի Թումօ կեդրոն

Լիւքսեմպուրկի համալսարանին մէջ շուտով պիտի բացուի «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնը. հայկական անվճար կրթութեան ծրագիր, որ կը գործէ Փարիզի, Պէյրութի, Մոսկուայի, Տիրանայի եւ Պեռլինի մէջ:
Լիւքսեմպուրկի Մեծ Դքսութիւն կատարած այցին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցելեց համալսարանը 25 Յունուարին: Համալսարանի նախագահ Ստեֆան Փալաժ ընդունեց զինք եւ իրեն ներկայացուց հաստատութեան գիտահետազօտական ու կրթական համակարգը:
Արարատ Միրզոյեան բարձր գնահատեց համալսարանին մէջ Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնի բացումը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով համալսարանին՝ նախագիծը խթանելու վճռակամութեան համար:
Ամբողջական լուրը՝ «Panarmenian.net»-ի մէջ՝

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *