Ուրուկուէյի Ծերակոյտը կոչ ուղղած է Ատրպէճանին՝ բանալ Բերձորի միջանցքը

Ուրուկուէյի Ծերակոյտը միաձայն հռչակագիր մը ընդունեցաւ՝ կոչ ուղղելով Ատրպէճանին՝ «կատարել իր միջազգային պարտաւորութիւնները եւ ապահովել ազատ տեղաշարժը Արցախ-Հայաստան միջանցքով, ինչպէս նաեւ վերջ դնել բնակչութեան հանդէպ ոտնձգութիւններուն»։.
Ուրուկուէյի Ծերակոյտը նաեւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախի ժողովուրդին եւ դատապարտեց Ատրպէճանի կողմէ Արցախի վառելանիւթի մատակարարման միտումնաւոր դադրեցումը։.
Յիշեցնենք, որ Ուրուկուէյը առաջինն էր, որ պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ 1965 թուականին։

https://www.instagram.com/p/CmZ0ny1qB5b/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *