Հայաստանի մէջ պիտի բացուի վեթերաններու հիւանդանոց

«Զինուորի տուն» վերականգնողական կեդրոնը կը ծրագրէ շուտով բանալ վեթերաններու հիւանդանոց մը: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնեց կեդրոնի տնօրէն Հայկուհի Մինասեան:

Նոր հիւանդանոցը պիտի ըլլայ բազմագործառոյթ բժշկական հաստատութիւն մը, որ համադրուած ծառայութիւններ պիտի մատուցէ բուժման կարիք ունեցող զինծառայողներուն: «Հիւանդանոցը ամբողջութեամբ պիտի յարմարեցուի հաշմանդամութիւն ունեցող անձանց, ինչպէս նաեւ տեսողութիւնը կորսնցուցած կամ հոգեկան խնդիրներ ունեցող զինծառայողներուն»,– ըսած է Մինասեան:

Ծրագիրը կ'արժէ 25 մլն տոլար: ԱՄՆ կազմակերպուած դրամահաւաքին շուրջ 500 000 տոլար հանգանակուեցաւ ծրագիրին համար, իսկ շուտով կը սպասուի եւս մէկ համահայկական դրամահաւաք:

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Արմէնփրես»-ի մէջ՝

https://armenpress.am/arm/news/1074267.html

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *