Փոքր կորիզով մը սկսած եւ ապա, ճիւղաւորուելով ընդլայնած, այլ փոքր հաւաքականութիւններու հետ խառնուած եւ իր իւրայատուկ լեզուով, կրօնական հաւատալիքներով, պատմութեամբ, սովորութիւններով մէջտեղ եկած է մեծ հաւաքականութիւնը՝ հայ ժողովուրդը։ Ժողովուրդը միաւորող եւ շաղախող բազմաթիւ ազդակներ եւ գործօններ եղած են։ Կրօնքը, մանաւանդ քրիստոնէական կրօնքը, գործօններէն մէկը եղած է ժողովուրդի միաւորման եւ միաձուլման։ Լեզուն, գիր-գրականութիւնը աւելի ամրապնդած են ժողովուրդի շաղկապումը։ Մեր անցեալն ու պատմութիւնը՝ մեր հերոսները, անոնց սխրագործութիւնները եւ անոնց անունին ստեղծուած առասպելները, պարտութիւններն ու յաղթանակները ժողովուրդը միացնելու մեծ գործօն հանդիսացած են։ Պատմութեան այս արագ ետդարձ ակնարկի մէջ, կը յուսացուէր, որ Հայաստանի անկախացումը եւ արցախեան գոյամարտի յաղթանակը պիտի հանդիսանային հայութիւնը միացնող լաւագոյն գործօնները։
Սակայն դժբախտաբար այդպէս չեղաւ։ Եւ, ահաւասիկ, Արցախի երկրորդ պատերազմի եւ պարտութեան պատճառներէն կարեւորագոյնը կարելի է նկատել հայութեան մէջ ստեղծուած ներքին ջլատումը։ Իսկ պարտութենէն ետք, ներքին պառակտումները հասած են վտանգաւոր աստիճաններու։ Պահ մը, երբ դիտենք մեր շուրջը, այլ ժողովուրդներ՝ պաղեստինցիներ, քիւրտեր, եզիտիներ եւ այլն, բացայայտ կը դառնայ այն իրականութիւնը, որ հաւաքականութեան մը՝ ժողովուրդի մը պաշտպանութեան եւ շարունակականութեան միակ երաշխիքը ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է։ Պետականութենէ զուրկ ժողովուրդներ ենթակայ կը դառնան բռնարարքներու, ցեղասպանութեան եւ անհետանալու վտանգին առջեւ կը գտնուին։ Հետեւաբար՝ Հոգ չէ, թէ անցեալին ինչ-ինչ արժէքներ եւ «սրբութիւններ» ունեցեր ենք հայութեան գոյութիւնը պահպանելու եւ շարունակականութիւնը ապահովելու համար, ներկայիս, մեր սրբութիւն սրբոցը մեր ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ է։ Իշխանութիւնները ժամանակաւոր են, իսկ պետութիւնն ու պետականութիւնը՝ յաւիտենական։ Այս պէտք է ըլլայ մեր տեսլականը եւ հեռանկարը։ Այլ ձեւ եւ միջոց չկայ հայ Ժողովուրդի փրկութիւնը ապահովելու համար։
- Մեր «աւանդական» կուսակցութիւնները սրբութիւն չե՛ն։ - Հայրենիքի մէջ հարիւրաւոր կուսակցութիւններէն ո՛չ մէկը սրբութիւն է։ - Քաղաքական անձնաւորութիւններ՝ նախագահներ, վարչապետներ, գործիչներ, բնաւ սրբութիւն չեն։ - Ծանր չհնչէ լսելը նաեւ, որ մեր եկեղեցին եւ գահակալները (նորին) սրբութիւններ չե՛ն։
Մեր ժողովուրդի գոյատեւման համար ներկայիս եւ տակաւին երկար ժամանակ միակ սրբութիւնը մեր ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻ՛ՒՆՆ է :