Ինչո՞ւ հայերը Սուրբ Ծնունդը կը տօնեն յունուար 6-ին

«Հայկական Սուրբ Ծնունդը», ինչպէս ընդունուած է անուանել, Քրիստոսի մարդեղութեան առնչուող տօնակատարութեանց գագաթնակէտն է։ «Հայկական Սուրբ Ծննդեան» նշուող գլխաւոր իրադարձութիւններն են՝ Քրիստոսի ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ եւ մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ։ Հայ եկեղեցւոյ այս մեծ տօնին օրը յունուար 6-ն է։ Քրիստոսի մկրտութեան յիշատակին՝ հայ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ’ունենայ «Ջրօրհնէքի» արարողութիւն։
Յաճախ կը հարցուի, թէ ինչո՛ւ հայերը Սուրբ Ծնունդը չեն տօներ դեկտեմբեր 25-ին՝ մնացեալ աշխարհին հետ: Փաստ է, որ Քրիստոսի ծննդեան ճշգրիտ ամսաթիւը պատմականօրէն հաստատուած չէ, եւ ոչ ալ աւետարաններուն մէջ արձանագրուած է: Այնուամենայնիւ, պատմականօրէն բոլոր քրիստոնէական եկեղեցիները Քրիստոսի ծնունդը կը նշէին յունուար 6-ին՝ մինչեւ չորրորդ դարը:
Ըստ հռոմէական կաթողիկէ աղբիւրներու՝ ամսաթիւը փոխուած է յունուար 6-էն դեկտեմբեր 25, որպէսզի չեղեալ համարուէր Արեգակի ծնունդին նուիրուած հեթանոսական տօնը, որ կը նշուէր դեկտեմբեր 25-ին: Այն ժամանակ, քրիստոնեաները տակաւին կը շարունակէին պահել այս հեթանոսական տօնակատարութիւնները։
Սակայն, Հայաստանի վրայ այս փոփոխութիւնը չազդեց այն պատճառաւ, որ Հայաստանի մէջ այդժամ նման հեթանոսական սովորոյթներ չկային, եւ Հայ եկեղեցին Հռոմէական եկեղեցւոյ արբանեակը չէր: Այսպիսով, հաւատարիմ մնալով իրենց նախնեաց աւանդոյթներուն՝ հայերը մինչ օրս կը շարունակեն տօնել Սուրբ Ծնունդը յունուար 6-ին։

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *