Search
Close this search box.

Հայաստանի մէջ Կանանց հիմնադրամը կ'աջակցի երիտասարդ աղջիկներու

Հայաստանի մէջ Կանանց հիմնադրամը մեկնարկած է երիտասարդ աղջիկներու քարոզարշաւը, որ դրամաշնորհներ կը տրամադրէ 14-էն 21 տարեկան երիտասարդ աղջիկներու՝ հաշուի առնելով մասնաւորաբար դիմորդները այն սահմանամերձ համայնքներէն, ուր հնարաւորութիւնները շատ սահմանափակ են: ՀԿՀ-ի աջակցութիւնը կ'օգնէ բարձրացնելու աղջիկներուն ինքնավստահութիւնն ու նախաձեռնելու ոգին: Այս դրամաշնորհները կը խթանեն ձեռներէցութիւնը. երիտասարդները կը դառնան նպաստառուներ ու կը հետապնդեն ծրագիրին յաջողութիւնը:
Դրամաշնորհներ կը տրամադրուին STEM եւ ՏԱ ոլորտներու առնչուող նախագիծերու. արուեստ, ստեղծագործութիւն, տնտեսական կայունութիւն, սեռական եւ վերարտադրողական առողջութիւն եւ իրաւունքներ: Իւրաքանչիւր դրամաշնորհ կը կազմէ 2000 ամերիկեան տոլար, նպաստին կէսը կը տրամադրուի սկիզբը, իսկ միւսը՝ ճանապարհի կիսուն, զեկոյցներու յանձնումէն ետք: Կը պահանջուի նաեւ պատմողա-նիւթական զեկոյց: Նպաստառուները վերապատրաստում կ'անցընեն իրենց ծրագիրին ընթացքին: Կ'ունենան վերահսկողներ, եւ կրնան մասնակցիլ ապագայ բոլոր սեմինարներուն:

Ամբողջական նիւթը կարելի է կարդալ «Armenian Weekly»-ի մէջ՝

https://armenianweekly.com/2021/12/01/womens-fund-armenia-supporting-teen-girls-in-armenia/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *