Եղեգնուտ. պատմուած անցեալ եւ ներկայ մարտահրաւէրներ Արցախի պատմութեան մէջ

Եղեգնուտը (տեղւոյն բարբառով՝ Եղեկնուտ) Մեծ Հայքի Արցախի Ծար նահանգի հնագոյն բնակավայրերէն մին է։
Եղեգնուտի եկեղեցին, ըստ պահպանուած արձանագրութեան եւ աւանդութեան, կառուցած է Արզու Խաթունը, ով մեծ դեր ունեցած է Դադի վանքի կառուցման գործին մէջ, եւ եղած է Վերին Խաչենի (Ծարի) իշխան Վախթանգի կինը։
Գիւղին տարածքէն ներս պահպանուած են շարք մը խաչքարեր, որոնց վրայ արժէքաւոր արձանագրութիւններ եղած են, սակայն տարածքին մէջ հաստատուած օտարները ջանասիրաբար վերացուցած են հայկական պատմամշակութային յուշարձանները՝ զանոնք օգտագործելով իրենց բնակատեղիներու կառուցման մէջ։
Խորհրդային տարիներուն, Արցախը Խորհրդային Ատրպէճանին միացնելէ ետք, Ատրպէճանի իշխանութիւնները Եղեգնուտը դուրս թողուցին Լեռնային Ղարաբաղի կազմէն։
Եղեգնուտը ազատագրուած է 1991-1994 թուականներուն միջեւ. 1993-ի Արցախեան պատերազմին ընթացքին: Ազատագրումէն ետք, գիւղը սկսած է վերաբնակեցուիլ եւ 2008-ի դրութեամբ ունէր 210 բնակիչ:
2020 թուականին, Արցախեան երրորդ պատերազմին հետեւանքով, Եղեգնուտը բռնագրաւուեցաւ Ատրպէճանի Հանրապետութեան զինուած ուժերուն կողմէ։

https://www.facebook.com/groups/1824193651191214/permalink/3599532446990650

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *