Երեւանը Նեմեսիսի յուշարձանը կազմաքանդելու մտադրութիւն չունի

Անգարայի սպառնալիքներու լոյսին ներքոյ, ինչպէս օրինակ Թուրքիոյ օդային տարածքը հայկական օդուղային ընկերութեան առջեւ փակելը՝ Նեմեսիսի յուշարձանի բացման պատճառաւ: Երեւանի քաղաքապետարանը յայտարարած է, որ մտադիր չէ հեռացնելու յուշարձանը։ Յայտարարութիւնը ի պատասխան էր «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հայաստանեան գործակալութեան հարցման՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի սպառնալիքներուն վերաբերեալ։ Չաւուշօղլուն պահանջած է կազմաքանդել յուշարձանը՝ պնդելով, որ ատիկա կը վիրաւորէ թուրքերն ու ատրպէճանցիները, եւ զգուշացուցած է պատասխան քայլերու դիմելու մասին, եթէ չկազմաքանդուի այն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը նախապէս քննադատած էր յուշարձանի տեղադրման որոշումը, իսկ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը շեշտած էր, որ հարցը ներքաղաքական խնդիր է, եւ ոչ ոք պէտք է միջամտէ։ Գրիգորեանը նաեւ ընդգծած էր Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութեանց կարգաւորումը։ Արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեանը սրացող հռետորաբանութիւնը կապեց Թուրքիոյ յառաջիկայ ընտրութեանց հետ՝ զգուշացնելով, որ յայտարարութիւնները պէտք է դիտարկել նախընտրական քարոզարշաւի ծիրէն ներս։

https://asbarez.com/yerevan-has-no-intention-of-dismantling-nemesis-monument/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *