Search
Close this search box.

Երեւանի մէջ 110 մլն տոլար ներդրումով կը հիմնուի արհեստագիտական նոր կեդրոն

Արհեստագիտական բազմագործառոյթ կեդրոնը, որ ՊՈՄԱ Ա Քլասի շինարարական չափանիշներուն համապատասխանող առաջին շէնքը պիտի ըլլայ տարածաշրջանին մէջ, պիտի կառուցուի Երեւանի մէջ՝ 110 միլիոն տոլար ընդհանուր ներդրումով:

«Գործարար Հայաստան»-ի հետ համակարգուած ներդրումային խոշորագոյն ծրագիրներէն «Դալան» արհեստագիտական կեդրոնի շինարարութիւնը պիտի մեկնարկէ Յունիս 2022-ին, իսկ շահագործման պիտի յանձնուի 2026-ին:

«Գործարար Հայաստան»-ի գործադիր տնօրէն Լեւոն Օհանեսեան կը հաւատայ, որ կեդրոնը յատուկ նշանակութիւն ունի թէ՛ ներդրումներու ծաւալին, թէ՛ Հայաստանի արհեստագիտական էքօ-միջավայրի զարգացման եւ հայկական ու համաշխարհային կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ ակնկալուող ազդեցութեան տեսակէտէն:

https://www.panarmenian.net/eng/news/300183/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *