Երեւանը աշխարհի ամէնէն անվտանգ քաղաքներու ցանկին վրայ գրաւած է 21-րդ դիրքը՝ զգալիօրէն գերազանցելով Հարաւային Կովկասի իր դրացիներուն՝ Թիֆլիսին ու Պաքուին։ Ցուցակը կազմած է «Ranking Royals» միջազգային վիճակագրական ընկերութիւնը, ընդ որում՝ Ատրպէճանի մայրաքաղաք Պաքուն գրաւած է 85-րդ դիրքը, իսկ Վրաստանի մայրաքաղաք Թիֆլիսը՝ 44-րդ:
Նոյն ցուցանիշով Ա. դիրքը գրաւած է Ապու Տապին (ԱՄԷ), Բ. դիրքը՝ Տոհան (Քաթար), եւ Գ. դիրքը՝ Աճման (ԱՄԷ)։
«Ranking Royals»-ը քաղաքներու անվտանգութիւնը չափելու ցուցանիշին վրայ դասակարգած է աշխարհի 424 քաղաքներ՝ հիմնուելով հետեւեալ գործօններուն վրայ.
յանցագործութեան մակարդակը,
ցերեկուան եւ գիշերուան ընթացքին շարժի անվտանգութիւնը,
գողութեան կամ կողոպուտի ենթարկուելու վտանգը,
ֆիզիքական յարձակման ենթարկուելու վտանգը,
ոեւէ մէկուն կողմէ բռնութեան ենթարկուելու դէպքերը,
ցեղային, սեռական կամ կրօնական պատկանելիութեան պատճառաւ բռնութեան դէպքերը,
թմրանիւթերու շրջանառութիւնը,
գոյքի յափշտակութեան դէպքերը:
https://www.facebook.com/groups/1824193651191214/permalink/3541861502757745