Search
Close this search box.

Մօտ 500 հազար ամ. տոլար հաւաքուած է Հայաստանի վեթերաններու հիւանդանոցին համար

Ընտանիքի փրկութեան հիմնադրամը այս տարի իր ամէնամեայ միջոցառումը նուիրեց հայրենիքը պաշտպանողներուն: Հինգշաբթի, 11 Նոյեմբերին՝ Վեթերաններու օրը, «Հայաստանի վեթերաններ» կազմակերպութեան հետ համատեղ տեղի ունեցաւ դրամահաւաք, որուն ընթացքին հանգանակուեցաւ մօտ 500 000 ամերիկեան տոլար: Միջոցառումին նպատակն էր միջոցներ հայթայթել Հայաստանի մէջ վեթերաններու հիւանդանոցին համար՝ յաջակցութիւն արցախեան պատերազմին վիրաւորուած զինուորներուն: 2020 թուականի պատերազմին հետեւանքով մօտ 11 000 զինուոր տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ունի, մօտ 1 500-ը հաշմանդամ է: Պարզուած է, որ այս վեթերաններուն համար խիստ անհրաժեշտ է մասնագիտացուած հիւանդանոց մը՝ անոնց ամբողջական բուժօգնութիւնը ապահովելու համար: Այս հիւանդանոցը պիտի կառուցուի Զինուորի տուն վերականգնողական կեդրոնի նախաձեռնութեամբ: Ամբողջական լուրը կարդալ «Ասպարէզ»-ի մէջ՝

https://asbarez.com/nearly-500000-raised-for-new-veterans-hospital-in-armenia/

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *