Search
Close this search box.

Վերիմաստաւորելով սփիւռքը

Թէեւ լայն հասարակութիւնը վերջին երկու տասնամեակներուն ընթացքին ենթարկուած է արմատական փոփոխութիւններու, հայկական սփիւռքի համայնքները չեն ընդունած բարեշրջման հետեւեալ երեսակները.

Համացանցը յեղափոխած է հասարակութեան յարացոյցը՝ առիթ տալով անհատներուն արտայայտուելու եւ ազդեցութիւն գործելու, այսպիսով իշխանութիւնը ընտրուած մարմիններէն տեղափոխելով զանգուածային խումբերու: Այս երեւոյթին պատկերաւոր օրինակը տեղի ունեցաւ 2022 թուականի դեկտեմբերին, երբ ֆէյսպուքեան խումբ մը կազմակերպեց շոգեկառքերու գործադուլներ, որոնք փաստացի խափանեցին ֆրանսական «TGV» եւ միջքաղաքային շոգեկառքերուն 60 տոկոսը՝ անխօս թողելով նոյնիսկ ամէնէն ազդեցիկ արհեստակցական միութիւնները:
Քաղաքացիական հասարակութեան կառոյցներու աճի միտում կայ, ինչպէս օրինակ՝ երբ Ֆրանսայի նախագահի թեկնածու Մելանշոնը աշխուժօրէն ներգրաւեց կուսակցութեան անդամները՝ որոշումներ կայացնելու գործընթացներուն մէջ: Եւ որպէս արդիւնք, հակառակ անոր որ տնտեսագէտները անհնարին համարած էին իր ծրագիրը, ան 2022 թուականի նախագահական ընտրութիւններուն հաւաքեց ձայներուն 21.75 տոկոսը, մինչդեռ պատմական ընկերվարական կուսակցութիւնը յաջողեցաւ ապահովել միայն 1.75 տոկոս աջակցութիւն:

Արեւմուտքի երիտասարդութեան շրջանէն ներս քաղաքական հետաքրքրութեան նուազման մտահոգիչ միտում մը կայ։ 2022 թուականի Ֆրանսայի նախագահական ընտրութիւններուն առաջին փուլին՝ զարմանալիօրէն, 18-էն 24 տարեկան երիտասարդներուն 41 տոկոսը որոշեց ձեռնպահ մնալ՝ ի համեմատումն մնացեալ բնակչութեան 22 տոկոսի ձեռնպահութեան։ Այս միտումը կարծես թէ կ’ազդէ նաեւ սփիւռքի հայ երիտասարդներուն վրայ, որոնք զգալի անտարբերութիւն մը կը դրսեւորեն հայաստանեան քաղաքականութեան նկատմամբ: Անոնք անտարբեր են Հայաստանի մէջ ընտրութիւններու եւ վարչակարգի փոփոխութեան կարեւորութեան նկատմամբ:

Մէկ դարուան ընթացքին՝ սփիւռքի համայնքները զգալի վերափոխումներու ենթարկուեցան՝ յարմարուելով զիրենք հիւրընկալած երկրներուն, ինչպէս նաեւ մշակութապէս շեղելով ե՛ւ իրարմէ, ե՛ւ հայրենիքէն: Քիչ հաւանականութիւն կայ, որ սփիւռքեան մարմին մը կրնայ ձեւաւորուիլ կամ սփիւռքը կրնայ կառավարուիլ «մէկ կեդրոնէ»։

Փարիզի, Մոնթրէալի, Պոստոնի եւ Լոս Անճելոսի հայկական համայնքները իրարանման դրուածք մը ունին: Անոնք կը բնութագրուին կառոյցներով, որոնք բաղկացած են բեւեռացուած կազմակերպութիւններէ, եւ որոնք տասնամեակներ շարունակ գրեթէ անփոփոխ մնացած են: Այնուամենայնիւ, մեզի համար կարեւոր է յարմարիլ հասարակութեան բարեշրջման՝ հաշուի առնելով հետեւեալ գործօնները.

Թէեւ արեւմտեան հասարակութիւնները կրնան գործել առանց իրենց եկեղեցիներուն, քաղաքական կուսակցութիւններուն ու հաստատութիւններուն, հայկական սփիւռքը, սակայն, մեծապէս յենուած է այս կենսական կազմակերպութեանց վրայ: Մեր դպրոցները, մեր մշակութային, հասարակական եւ մարզական կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր մամուլը՝ իրենց գոյութեան համար պարտական են մեր համայնքային կառոյցներուն: Մեզի համար կարեւոր է զարգանալ իմաստութեամբ՝ խթանելով փոխադարձ յարգանքը աւանդական կառոյցներուն եւ նոր ձեւաւորուող քաղաքացիական հասարակութեան միջեւ:

Հայաստանի եւ սփիւռքի յարաբերութիւնները պէտք է վերաճեն ներկայիս «կեդրոն-ծայրամաս» ներկայացուցչութենէն դէպի աւելի ներառական եւ բազմակեդրոն հայկական ինքնութիւն, որ կը խթանէ դաշնային մօտեցումը, ինչ որ կ’ամրապնդէ կապն ու գործակցութիւնը անոնց միջեւ:

Մեր երիտասարդներուն պարզապէս քաղաքականութեամբ զբաղելու կոչ ուղղելու փոխարէն, կարեւոր է հզօրացնել զիրենք եւ ապահովել իրենց անհատականութիւնը՝ ատորմով իսկ ապահովելով ապագայ մը, ուր անոնք կրնան դառնալ հասարակութեան յաջողակ եւ ազդեցիկ անդամներ: 

Սփիւռքի իւրաքանչիւր կեդրոնի մէջ, գոյութիւն ունեցող աւանդական կառոյցներուն կողքին մենք պէտք է նպաստենք համայնքի կրթական, ընկերային, մշակութային եւ տնտեսական զարգացման խնդիրներուն անդրադարձող՝ ժողովուրդը միաւորող մարմիններու աճին:Նոր մարմինները պէտք է նպատակ ունենան ըլլալու զօրեղ, միաւորող եւ կայուն՝ ոգեշնչուելով յաջողութեան հասած այլ փոքրամասնութիւններէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրարայաջորդ կառավարութիւններուն ուղերձը նոյնն էր. «Արի տուն», վերադարձիր տուն, տուր՝ չունենալով կենսունակ, ծաղկող սփիւռք մը պահպանելու տեսլական: Սփիւռքի համայնքները պէտք է աճին ինքնուրոյն եւ անկախ:

Ես կը հրաւիրեմ տեսլականի շուրջ մտածողները եւ համայնքներուն մէջ ներգրաւուած անհատները՝ իրենց գործուն մասնակցութիւնը բերելու մեր համայնքային կառոյցներուն համար նախագիծ մշակելու գործընթացին, գործելով տեղական գետնի վրայ, ունենալով, սակայն, համաշխարհային տեսլական՝ նպատակ հետապնդելով միաւորելու մեր ազգին հաւաքական ուժերը:

Կը հրաւիրեմ անոնք, որոնք կը ցանկան ընդունիլ արձագանգելու մարտահրաւէրը:

Յովէլ Շնորհօքեան
hovel@diasporarm.org

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *