Փարիզ, Oգոստոս 2015
Երէկ, Պէյրութէն Փարիզ փոխադրուեցայ: Ուսանեցայ, աշխատեցայ, գործ հիմնեցի, ամուսնացայ, ընտանիք կազմեցի: Երբ երրորդ զաւակս՝ Գայիանէն ծնաւ, տուն տեղ ծախեցինք, փոխադրուեցանք Լը Ռէնսի. Փոխանակ գործիս, դպրոցինմօտ ըլլալու:
Բնական բան չէ՞ր որ փոխանակ ինծի՝ իրե՛նք, երեք բալիկներս չտանջուէին, Փարիզի առօրեայ երթեւեկի ահռելի տաղտուկէն: Երբ զաւակներս տասներեք տարեկանին դպրոցը աւարտեցին, մտնելու՝ ֆրանսական դպրոց, Փաթրիսիան խնդրեց պարոն Ադամեանէն, որ շարունակէր հայերէն լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդումը, անձնական դասերով, մինչեւ, որ Պաքալօրէան առնեն: Մեր փափաքը չափազանցութի՞ւն է արդեօք, որ մեր զաւակները, մանկապատանեկան գիրքերէ անդին, տարիներու ընթացքին, վարժուին եւ սիրեն կարդալ Ռաֆֆի,Անդրանիկ Ծառուկեանկարդան ժամանակակից Պըլտեան:Կարեւոր չէ՞ր որ քաջ Վարդանէն անդին, զաւակներս ճանչնային, հերոսացնէին, իտէալացնէին, Մոնթէն?
Ձեզմէ ոեւէ մէկը պիտի ընդունէ՞ր որ իր զաւկին ժառանգելի տան պարտէզէն մէկ քառակուսի մեթրն իսկ զեղչուէր: Ես ինչպէ՞ս ընդունիմ որ իմ ժառանգ ստացած լեզուն, գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, վարքն ու բարքը, խոհանոցը, ամբողջ մշակոյթ մը, կորսուի:
Պէյրութ տարբեր էր: Մեր տան դիմաց կանգնած էր Սուրբ Նշան եկեղեցին: Կիրակի օրերը, մեր խոհանոցի պատշգամէն կը հետեւէինք հարսնիքներու «ով եկաւ, ով չեկաւ»ին: Շաբթուան օրերը, ամէն առաւօտ ժամը ութը տասը անցած, եկեղեցիի կից՝ Խանամիրեան վարժարանի աշակերտները, բակին մէջ զինուորական կարգապահութեամբ շարուած, իրենց դպրոցական օրը կը սկսէին երգելով Առաւօտ Լուսոն, օրհնութեամբ լեցնելով մեր ամբողջ շէնքը: Շէնքը՝ Տէրմէնճեան շէնքը, ինքնին գիւղ մըն էր: Քսաներկու յարկաբաժիններէն միայն մէկուն մէջ, չեմ գիտեր ինչպէս պատահած էր, ոչ հայ ընտանիք մը կը բնակէր: Կար տունէ տուն՝ պնակներու պարը: Ըստ սովորութեան, երբ յարգի ճաշ մը կամ անուշեղէն մը պատրաստուէր՝ մանթի, փախլաւա, պէտք էր պնակ մը անպայման ղրկել դրացիներէն մէկուն: Մէյ մը տիկին Սիրվարդին , մէյ մը տիկին Մարիին, մէյ մը երէցկին տիկին Յասմիկին, մէյ մը, գեղեցիկ Տիանային: Պէտք էր հետեւիլ եկած պնակներուն, թէ որը որո՛ւնն էր: Պնակներն ալ պարապ չէին վերադարձուէր, այսպէսով պնակներու պարը կը դառնար անվերջ: Որուն պզտիկը ակռայ կը հանէր, որուն աղջկան ձեռքը կը խնդրուէր, որուն փորը կը ցաւէր, սաղ շէնքը տեղեակ կ՛ըլլար: Անկէ անդին՝ չկար: Ընտանեկան հարցեր չկային, կամ ալ մենք տեղեակ չէինք: Ամէն պարագայի, Պէյրութի մէջ այդ ժամանակ ամուսնալուծում գրեթէ գոյութիւն չունէր:
Դպրոցը, Հայ Աւետարանական Գոլէճը,տունէն տասը վայրկեան անդին էր, քալելով: Վեց հարիւր աշակերտ ունեցող դպրոցին մէջ, նորէն մէկ հատ ոչ հայ աշակերտ կար, մեր դասարանի խեղճ Նէպիլը:
Մսագործը՝ Վրէժն էր, փռապանը՝ Այնթապցի Եղիան: Հագուստ կապուստ կը գնէինք մեծ շուկայի «Սու' Էլ Էրմէն» (Հայկական շուկայ) բաժնէն. Միայն սէրվիսինմէջ պէտք կրնար ըլլար արաբերէն խօսիլ:
Պէյրութ, խօսողը կը խօսէր հայերէն, կարդացողը կը կարդար հայերէն, գրողը կը գրեր հայերէն:
Հոս՝ կարդալ գրելը մոռցիր՝ եթէ մէկու մը զաւակը հայերէն խօսի, հերոս կը նկատուի:
Մեծ մայրս՝ Մարիձա մամին, եօթը տարեկանին Ատըեամանէն Տէր Զօրի ճամբան բռնած էր: Գաղթի ընթացքին, իր աչքին առջեւ սպաննած էին մայրը, առեւանգած՝ փոքր եղբայրը: Իր մեծ քրոջ եւ միջնեկ եղբօր հետ, մէկ շարքի շարած էին զիրենք, որպէսզի խնայողութեան համար՝ մէկ փամփուշտով սպաննէին երեքը: Սակայն վերջին վայրկեանին ժանտարման բաւարար անմարդկայնութիւն չէր ունեցած, սեղմելու զէնքին ձգանը:
Մանկութեանս սնանած ըլլալով մեծ հայրերուս ջարդի պատմութիւններով, մեծ հայրերս՝ որոնք դէմ յանդիման գտնուած էին մահուան եւ որոնք մինչեւ իրենց վերջին օրերը լեցուն աչքերով կը պատմէին իրենց հարազատներուն կորուստը, Հայ դատը կը նկատեմ որպէս սրբազան դատ: Կը յուզուիմ, կ՚ընդվզիմ, կը պայքարիմ: Այսուհանդերձ, կը խորհիմ որ ներկայ կացութեան մէջ, Ազգը ունի ուրիշ հրամայականներ որոնք անտեսուած են. ուրիշ՝ աւելի անմիջական եւ աւելի անհրաժեշտ պայքարներ, ինչպէս Սփիւռքի գոյատեւումը, արտագաղթի կասեցումը, Հայրենիքի քաղաքա-տնտեսական կացութեան բարելաւման արագացումը:
Անդրադառնալու համար կացութեան, պէտք է ուշադրութեամբ դիտենք անցեալը, եւ առարկայականօրէն ներկան: 14-րդ դարուն, Խրիմի մէջ հայութիւնը տեղւոյն բնակչութեան մեծամասնութիւնը կը կազմէր: Տասնեօթերորդ դարուն, Լեհաստանի մէջ ունէինք երեք հարիւր հազար հաշուող գաղութ: Այս Հայերէն մնացած է միայն իրենց կերտած եկեղեցիները: Յստակ է որ, քրիստոնէական մշակոյթի երկիրներու մէջ, մեր շունչը կարճ է…: Կ՚ըսուի, թէ վերջին տասը տարիներուն ընթացքին, մէկ ու կէս միլիոն Հայեր արտագաղթած են Հայաստանէն. Եթէ մենք մեր ձեռքը եղած հողին վրայ չենք կրնար մեր ժողովուրդը պահել, ի՞նչ տրամաբանութեամբ եւ որքա՞ն կորովով կրնանք մեր այլ հողերուն պահանջատէր կանգնիլ…: Ունինք ոսկեայ ձեռքերով, տաղանդաւոր, ստեղծագործող, զարգացած ժողովուրդ. Հայրենիք մը, որ կը վայելէ Սփիւռքի նեցուկը:. Այսուհանդերձ, մեր աշխատավարձերը աւելի ցած են քան Չինաստան… Թուրքիոյ միջին եկամուտը մերինին եռապատիկն է: Կը խնդրեմ որ չարդարանաք ըսելով՝ թէ ծով չունինք, թէ շրջափակուած ենք: Զուիցերիան ալ ծով չունի, Իսրայէլն ալ շրջափակուած է:
Բոլորս ալ քաջատեղեակ ենք այս ամէնուն, սակայն որո՞ւ աշխատանքի օրակարգին վրայ են այս նիւթերը, ո՞վ կ՚որոշէ նիւթերու, գործերու առաջնահերթութեան կարգը եւ ժամկէտները:
Այսօր ունինք Ազգ՝ բաղկացած Հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն: Սփիւռքը կը ներկայացնէ ազգին 75 – 80 տոկոսը՝ թիւով. Իսկ եթէ նկատի առնենք տնտեսկան ուժը, ան կը ներկայացնէ ազգի հարստութեան 98 տոկոսը: Հաշուելու ձեւը պարզ է. Կը բաւէ բազմապատկել իւրաքանչիւր գաղութի թիւը իր երկրի միջին եկամուտով:
Հայրենիքը ունի պետական կառոյց եւ հիմնադրամՍփիւռքը ունի ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը: Տրամաբանակա՞ն է որ այսքան ուժ մնայ անկազմակերպ:
Հայրենիքը, արեան գինով պահեց հողը, եւ աւելին նուաճեց: Արեան գինով: Արցախի պատերազմին, Հայրենիքէն եւ Արցախէն զոհուեցան հազարաւոր հերոսներ. Սփիռքը տուաւ քսան մէկ զոհ: Այսօր իրաւունք չունինք մեր տեղը նստած, քննադատելու Հայրենիքը: Մեզմէ քանինե՞ր իրենց զաւակները ղրկեցին Շուշիի ազատագրման մասնակցելու. մեզմէ քանի՞ «խենթեր» գացին հաստատուելու Հայրենիք:
Սփիռքն ալ իր կարգին մեծ աշխատանք տարաւ եւ յուզիչ յաջողութիւն արձանագրեց Հարիւրամեակին առթիւ: Իսկապէս: Սակայն ասոնցմով՝ հայրենիքի հողի պահպանումով եւ Հարիւրամեակի յաջողութեամբ բաւարարուիլը ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլար:
Այսօր, Գերմանիա ծնած հազարաւոր Թուրքեր իրենց հայրենիքը կը վերադառնան, իրենց մայրենին կը սորվին, գործ կը հիմնեն, էսպէս ասած բիզնէս կ՚անեն: Մենք ալ արտագաղթի ճամբան բռնած ենք:
Հայրենի՛քՅո՞ երթաս(1) (1)
Անցեալ Յուլիս 11ին, Պիլ Գլինթըն մասնակցեցաւ Սրէպրէնիցայի պոսնիացի 8.000 զոհերու այսպէս կոչուած «ցեղասպանութեան» նշումին: Թող կոչուի այդպէս, ոչինչ, բայց արդեօք ո՞ւր էր Պիլ Գլինթըն Ապրիլ 24ին: Արդեօք յարմար անձ մը նշանակուա՞ծ էր հեռաձայնելու իրեն եւ ուրիշներուն: Որո՞նք են մեր միջոցները: Ո՞վ կ՚որոշէ գործերու առաջնահերթութիւնը: Ինչո՞ւ «Սի.Էն.Էն.»ը չանդրադարձաւ Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին, ինչպէս ըրին ֆրանսական հեռատեսիլի կայանները: «Սի.Էն.Է՞ն.»ն ալ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմէն կախեալ է:
Չենք կրնար մեղադրել յամառօրէն աշխատող մեր ամերիկահայ արժէքաւոր անհատները, իրենց՝ ԱՄՆ-ու վարչակազմին տասնամեակներէ ի վեր ցուցաբերած աննկարագրութեան համար: Արդարեւ, վերջին չորս նախագահներէն ոչ մէկը յարգեց իր ընտրապայքարի ընթացքին՝ ցեղասպանութեան առընչութեամբ կատարած խոստումները: Պէտք է անդրադառնանք սակայն, որ իւրաքանչիւր գործի համար պէտք է տրամադրենք միջոցներ, երբեմն դիմենք մասնագէտներու: Պէտք է նաեւ դուրս գանք մեր գաղութներու՝ «գիւղ»ի մտայնութիւնէն: Այսօր աշխարհը մէկ է: Այլեւս սահմաններ չկան: Պէտք է ունենանք մեր՝ համասփիւռքեան հասարակաց տուեալները, անուանացանկերը, Ամերիկա, Ֆրանսա եւ այլուր գործածենք նոյն տեսերիզները, նոյն գովազդները, օրական գաղափար փոխանակենք, գործակցինք: Այսօր ժողովներ տեղի կ՚ունենան ցամաքամասէ ցամաքամաս, երբեմն ալ նոյն քաղաքին մէջ, Սքայփով:
Դիմագրաւելու համար ազգին առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները, անհրաժեշտ է որ Սփիւռքը կառուցաւորուի, օժտուի կառոյցով մը, որ ըլլայ Համաշխարհային (global), համակարգուած, կազմակերպուած՝ իւրաքանչիւր մարզի պատշաճ մասնագէտներով, եւ ի վերջոյ ֆինանսաւորուած։
Օդանաւային թռիչքներու սկիզբը, յայտարարութեամբ կը նշեն ճամբորդներուն որ արկածի պարագային, ուրիշներու հոգածութիւն ընելէ առաջ, ճամբորդները ապահովեէն նախ իրենց թթուածինը: Անհրաժեշտ է, որ Սփիւռքը նախ ինքզինքին հոգ տանի, կամ առնուազն՝ չմոռնայ ինքզինքին հոգ տանիլ: Մտահոգուի իր զաւակներով, դպրոցներով, պատրաստէ կրթական ծրագիր, զբաղի Սփիւռքի տնտեսական հարցերով, համակարգէ արհեստակցական տարբեր միութիւնները՝ բժիշկներու, փաստաբաններու, ոսկերիչներու, անոնց ամպիոն տրամադրէ, նախաձեռնէ ուրիշ մարզերու միութիւններու հիմնադրութեան գործին, զբաղի արտաքին քաղաքական հարցերով…:
1938 թուականին, երբ ՔեսապըՄուսալեռի հետ միատեղ տրուեցաւ Թուրքիոյ, Արշակ Չօպանեան Փարիզի Ֆրանսական Արտաքին գործոց պալատին մէջ, Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս Աղաճանեան Վատիկանի մէջ, եւ Հռոմի Պապի Սուրիոյ ներկայացուցիչ Ռեմի Լեբրերդ Սուրիոյ մէջ, պայքար մղեցին, մինչեւ յաջորդ տարի Քեսապի Սուրիոյ վերադարձուիլը:
Այսօր որո՞ւ օրակարգին վրայ է Քեսապի հարցը: Պիտի կարենա՞նք արդեօք պահել Կիլիկիայէն մնացած այս փոքր մասնիկը, այս սրբազան մասունքը:
Պիտի կարենա՞նք արդեօք կանգուն պահել Քեսապի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, կառուցուած՝ 909 թուականին: Պիտի ունենա՞նք իմաստութիւնը կազմելու մարմին մը, ուժ մը, որ հարկ եղած պարագային բանակցի տարբեր կողմերու հետ, բանակցի Սուրիայէն դուրս՝ Մոսկուայի, Փարիզի, Պրիւսէլի, Ուաշինկթընի մէջ, միջազգային ուժերու հետ, Քեսապը ազատ գօտի յայտարարելու, որպէս մերը պահելու համար:
Որո՞ւ օրակարգին վրայ է Մխիթար Աբբահօր մեզի ժառանգ ձգած Սուրբ Ղազարի ապագան:
Արեւմուտքը վստահաբար իր ամբողջ ուժով պիտի ընդդիմանայ ռուսամէտ նկատուող Հայաստանի Հանրապետութեան թիզ մը հող տալուն:
Ո՞վ, ո՞ր մարմինը պիտի ըլլայ պահանջատէրը Թուրքիոյ դիմաց:
Ո՞վ կը վարէ մեր արտաքին քաղաքականութիւնը:
ԱզգՅո՞ երթաս”?
Մազերս ճերմկցան, այսուհանդերձ տակաւին սխալներ կ՚ընեմ, տակաւին չեմ հասած իմաստութեան փափաքած չափանիշիս: Չսխալելու համար, յաճախ կը ջանամ կիրարկել ուրիշներու յաջող իրագործումները: Մեր առջեւ կայ Սիոնական շարժման օրինակը: Ժամանակի մը մէջ, երբ համացանց, հեռաձայն, օդանաւ, նոյնիսկ ելեկտրականութիւն գոյութիւն չունէր, մարդիկ հաւաքուեցան, առանց դիւանակալական հարցերու մէջ խորասուզուելու, ծրագիր մշակեցին, յաջողցուցին: Դառն պայմաններու մէջ ազգ կազմեցին եւ պետութիւն հիմնեցին:
Ժամանակի ընթացքին, յատուկ անհատներ Պատմութեան ուղղութիւնը փոխած են, երբեմն դէպի գէշ, երբեմն՝ դէպի լաւ: Եթէ Սթիվ Ճոպզ ծնած չըլլար, «Էփըլ» համակարգիչները, Այ-Ֆոնը գոյութիւն պիտի չունենային. բջջային հեռաձայնները վստահաբար պիտի չըլլային այնպէս, ինչպէս որ են այսօր: Եթէ Թէոտոր Հերցլ ծնած չըլլար, Սիոնական շարժումը եւ հաւանաբար Իսրայէլի պետութիւնը գոյութիւն պիտի չունենային: Պէտք չունինք նոր անիւ մը հնարելու: Օրինակը մեր առջեւն է: Պէտք ունինք միայն մարդոց, որոնք հաւաքուին եւ աշխատին: Մարդիկ, որոնք ըլլան հեղինակութեան տէր, ճանչուած՝ իրենց ուղղամտութեամբ, խոնարհութեամբ, անձնուիրութեամբ, իմաստութեամբ… ունենան հաւատք, խանդ, ըլլան ջուրը լակողներ(2):
Ո՞ւր է ձեր հաւատքը: Ինչո՞ւ մեր Արարատը, Սիոնաց լեռնէն ցած կը տեսնեք:?
Անոնք ալ քիչ առաջ խեղճ չէի՞ն: Ամբողջ տասնութ դարեր, իրենք ալ «փողոցը», իրենց Սփիռքին մէջ չմնացի՞ն: Անցեալ դարուն աշխատեցան, յառաջ գացին: Ինչո՞ւ չէ մենք: Մենք իրենցմէ ինչո՞վ պակաս ենք:
Զարթի՛ր ու ցնծա՛, ով Արարատի աղջիկ(3)Մի՛ վախնար ո՜վ Արարատ, թող ձեռքերդ չթուլնա՛ն. թող որդիներդ հաւաքուին ու զօրանան:
Երէկ, Պէյրութէն Փարիզ փոխադրուեցայ: Ամուսնացայ, ընտանիք կազմեցի: Երեք զաւակներս ալ հայ են: Հոգուով, սրտով, մշակոյթով: Կը խօսին, կը գրեն, կը կարդան հայերէն: Կը կարդան վէպ, օրաթերթ:
Երէկ էր. քառասուն տարի առաջ:
Վաղը, արդեօք թոռներս ալ հայ պիտի ըլլա՞ն: Իմ, եւ իմ եղբայրներուս թոռներուն մէջ վստահաբար պիտի ըլլան Ազնաւուրներ, Գրիգորեաններ, Եղոյեաններ: Անոնք ալ պիտի ստեղծագործեն, կերտեն, նուաճեն: Արդեօք անոնք պիտի ըլլա՞ն հայ. պիտի նպաստե՞ն մեր մշակոյթին, մե՛ր հայրենիքին. կամ թէ արդեօք պիտի ըսեն՝ «Մեծ հայրս հայ էր»:
Սփիւ՛ռքՅո՞ երթաս” ?
Կան մարդիկ որ գեղեցիկ գրիչ ունին, կը գրեն գրականութեան սիրոյն: Ուրիշներ կը գրեն երեւելու համար: Չեմ գիտեր, թէ օր մը առաջինին համար անհրաժեշտ տաղանդը պիտի ունենա՞մ, բայց վստահաբար միւսին ոչ ցանկութիւնը, ոչ ալ ժամանակը ունիմ:
Կը գրեմ պարզապէս նպատակաւ:
Գրութիւնս կոչ մըն է:
Ընթերցողներ յօդուածներուս առթիւ գրեցին, շնորհաւորեցին: Կրնաք տակաւին գրե՛լ, շնորհաւորել: Կը պատասխանեմ:
Ուրիշներ գրեցին ողբալու: Կը հասկնամ. հարիւր տոկոս: Գրեցէ՛ք: Կը պատասխանե՛մ: Կ՚ընդունիմ ըլլալ ձեր Արտասուքի պատը:.
Կը յուսամ այս անգամ, մէկ կամ երկու անձեր պիտի զօրակցին, թելադրութիւններ ընեն: Կամ գոնէ անձ մը պիտի պատասխանէ՝ «Հոս եմ»: Անձ մը, ճանչուած իր ուղղամտութեամբ, խոնարհութեամբ, անձնուիրութեամբ, իմաստութեամբ: Անձ մը, որ ունենայ հաւատք, խանդ, ըլլայ ջուրը լակող:
(1) «Յո՞ երթաս» (Quo Vadis) Հէնրիք Շայնքիւիչի 1895 թուականի վէպը, ուր լեհ գրողը կ՚արծարծէ ժամանակուան մասնատուած Լեհաստանի հարցերը:
(2) Գիրք Դատաւորաց 7:5
(3) Սոփոնիա 3:14-17