Search
Close this search box.

Ազգային ներուժի արձակում

Սփիւռքի լայնածաւալ տիեզերքին մէջ կայ տաղանդներու եւ հնարաւորութիւններու առատութիւն մը, կարօտ բացայայտման: Այսուհանդերձ, կեդրոնական ցանցայնութեան (networking) չգոյութիւնը արգելք դարձած է սոյն գանձերու արդիւնաւէտ գործածութեան ։ Ահա թէ ինչո՛ւ մենք ոգեւորուած կը յայտարարենք այս բացը լրացնելուն եւ մեր համաշխարհային համայնքը հզօրացնելուն միտուած կարեւոր՝ ցանցային համապարփակ հարթակի մը նախաձեռնութիւնը:

Մեր առաքելութիւնը յստակ է. Յայտնաբերել, միաւորել եւ ընդլայնել աշխարհասփիւռ հայ անհատներու, կազմակերպութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու ազդեցութիւնը: Քարտիսագրութեան եւ ստուգման բծախնդիր ջանքերով մենք կը կառուցենք կեդրոնացուած միացեալ ցանց մը, ուր դիւրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ գտնել եւ կապուիլ աշխարհի շուրջ գտնուող հայ մասնագէտներու եւ հաստատութիւններու հետ: Հանրապէս հասանելի տուեալները պիտի ըլլան առցանց, դիւրութեամբ որոնելի եւ կարելի պիտի ըլլայ զանոնք դասաւորել ըստ շրջանի, ոլորտի եւ ազդեցութեան աստիճանի, բոլորը մէկ հարթակի վրայ, այս՝ յարգելով Եւրոպական տուեալային գաղտնիութեան օրէնքները:

Բայց եւ այնպէս, մեր տեսլականը միայն հաղորդակցութեան չի վերաբերիր։ Գերազանցելով պարզապէս հաղորդակցութեան ցանցի մը ստեղծումը, մենք առաքելութիւն ստանձնած ենք հասնելու այն 90-95% անհատներուն, որոնք ներկայիս համայնքային կեանքէն դուրս են, յատկապէս անոնց՝ որոնք կը գտնուին սփիւռքի կարեւոր գաղթօճախներէն հեռու՝ ուր ո՛չ առաջնորդ կայ ու ո՛չ ուսուցիչ: Նաե՛ւ, մէկ հարթակով՝ կը ձգտինք համերաշխութեան եւ համագործակցութեան հող ստեղծել, յառաջ մղելով մեր հաւաքական միջոցներու լիարժէք ներուժի բացայայտումը` յանուն հայութեան բարօրութեան ամենուրէք:

«Հունձք բազո՛ւմ են, եւ մշակք սակա՛ւ»: Հետեւաբար, մենք կը փնտռենք մշակներ՝ նուիրեալ միսիոնարներ, աշխարհի չորս ծագերէն, որ միանան մեր աշխատանքին՝ արժանի անհատներ ու կազմակերպութիւններ բացայայտելու, անոնց առանցքային տուեալները պարզելու, ներկայացնելու զանոնք հանրութեան: Այս առաքելութիւնը ոչ միայն կարեւոր է, այլ էական է մեր ազգի ապագային համար եւ գոհունակութիւն պարգեւող մասնակցողներուն:

Կարող էք սահիկաշարը տեսնել այստեղ, իսկ եթէ դուք ալ կը փափաքիք մասնակցիլ Ազգը հզօրացնելու ա՛յս աշխատանքին, կը հրաւիրենք ձեզ միանալու մեզի՝ պարզապէս սեղմելով այստեղ։

Միասի՛ն կրնանք կառուցել աւելի հզօր եւ միահիւսուած համաշխարհային հայ ազգ մը:

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *