Կը մաղթեմ ձեզի փայլուն նոր տարի ու կը շնորհաւորեմ ձեր Սուրբ Ծնունդը:
2024-ը եւս եղաւ այնպիսի տարի մը, երբ երկինքը առաւել մթագնեցաւ։ Աշխարհի ղեկավարները դեռ եւս բեւեռացան երկու խումբերու՝ բռնակալներ եւ անողնաշարներ։ Բռնակալները աճեցան թիւով ՝ ու դարձան աւելի անգութ ու բիրտ, բանտարկելով եւ սպանելով լրագրողներ, բժշկական անձնակազմեր եւ մարդասէրներ, ռմբակոծելով հիւանդանոցներ, դպրոցներ ու բնակավայրեր։ Միեւնոյն ատեն, այսպէս կոչուած «ժողովրդավար» ղեկավարներէն ոմանք զէնք մատակարարեցին ոճրագործներուն, ուրիշներ ալ ամօթալի գործարքներ կնքեցին վառելանիւթի շուրջ, իսկ «Պիղատոսները» իրենց ձեռքերը լուացին պատասխանատուութենէն՝ անտարբերութեամբ եւ դաւաճանութեամբ զոհաբերելով իրենց հաւատարիմ զինուորները։
Օրուան լուրերը լսելով, կը բարձրաձայնեմ, մէկ դար առաջ մաղձով արտասանուած ու դեռ հարկաւոր Սիամանթօյի դառն աղօթքը.
«Ով մարդկային արդարութիւն, թող ես թքնե՛մ քու ճակատիդ»։
Օրերը կ’անցնին եւ երկինքը աւելի կը մթագնի։ Մարդկութիւնը կարծես կորսնցուցած է իր բարոյական կողմնացոյցը՝ դառնալով աւելի նիւթապաշտ ու եսակեդրոն։ Բաժանում եւ անհանդուրժողութիւն կը տիրեն ամէն ազգի, հասարակութեան եւ խումբի մէջ, ուր մարդիկ «կը դաւաճանեն ու կ'ատեն զիրար»։
Սակայն, մինչ չարիքը կ'ուժգնանայ, բարեփոխման աւելի լայն ենթահող կը տեսնեմ ու նոր յոյսով կը լեցուիմ։ Յիրաւի, որքան աշխարհը խաւարի, այնքան աւելի պայծառ կը փայլին մեր լոյսերը։ Մենք կը կրենք Նարեկացիի եւ Շնորհալիի խոր ժառանգութիւնը՝ սիրոյ, խոնարհութեան եւ ծառայութեան մէջ արմատացած։ Մեր առաքելութիւնն է մարմնաւորել այս արժէքները եւ ստեղծել խաղաղութեան ու կարեկցանքի օճախներ մեր շրջապատին մէջ։
Եւ երբ կը դիտեմ նիւթական արդիւնքներու համար մարդոց խելայեղ վազքը, գոհունակութիւն կը զգամ իմաստալից առաքելութեան մը մաս կազմելուս համար։ «DiasporArm»-ի ծիրէն ներս կը մասնակցինք զանազան արդիւնաւէտ նախաձեռնութիւններու, ինչպիսին են՝ «Քարտէսագրման ծրագիր»-ը՝ բացայայտելու, համախմբելու եւ համադրելու հայ սփիւռքի ներուժը, «Հայկական համայնքներու հզօրացում»-ը՝ համայնքներու ընկերային, տնտեսական, կրթական եւ մշակութային կարիքները հոգալու, եւ «Արժէքներու փոխանցում»-ը՝ խթանելու այնպիսի ծրագիրներ, որոնք միտուած են հիմնական արժեհամակարգերու վերահաստատման եւ համայնքներու փոխակերպման։
Անձնական մակարդակի վրայ, յարատեւութեամբ կը պայքարիմ կամուրջներ հաստատելու՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, կառավարութեան, եկեղեցւոյ եւ հայորդիներու միջեւ, ամրապնդելու կապերը սփիւռքի տարբեր մարդասիրական կազմակերպութիւններու, նաեւ կրօնական կառոյցներու միջեւ։ Կը յիշեցնեմ բոլորին, որ «մենք մէկ մարմնի անդամներ ենք», կոչուած խոնարհութեան եւ ծառայութեան, գործելու հետեւելով ուսուցումին՝ «Կ՛աղաչե՛մ ձեզմէ որ ամէն մէկը իր մասին աւելի բարձր համարում չունենայ, եւ ինչ որ պէտք է մտածէ, խոհեմութեա՛մբ մտածէ: Իրարու հանդէպ գորովալի՛ց եղէք` եղբայրական սիրով. պատուելու մէջ զիրա՛ր գերադասեցէք: Փութաջանութեան մէջ ծոյլ մի՛ ըլլաք. եռանդո՛ւն հոգիով ծառայեցէք: Որքան կարելի է ձեզի` խաղաղութի՛ւն պահեցէք ամէն մարդու հետ»։
Թո՛ղ մեր լոյսը աւելի պայծառ փայլի 2025-ին։ Շարունակե՛նք կրել մեզ միացնող մեր ժառանգութեան արժէքները՝ լուսաւորելով ուրիշներու ճամբաները յոյսով եւ իմաստաւորումով։
Յարգանօք՝
Յովէլ Շնորհօքեան
Le Raincy, 06/01/2025