Սարգիս Շահինեան Զուիցերիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի գլխաւոր քարտուղարն է: Ստորեւ «1in.am»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պարոն Շահինեանի անդրադարձը Սփիւռք-Հայաստան գագաթնաժողովին վերաբերող հարցերուն:
Սփիւռքի հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակին կողմէ Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք Հայաստանի համաշխարհային գագաթնաժողովին նախատեսուած են տասնմէկ թեմաներ.
1. Ազգային անվտանգութիւն
2.Ամբողջ աշխարհին մէջ Հայաստանի շահերու պաշտպանութիւն. փափուկ ուժի հասկացութիւն
3. Հայրենադարձութիւն
4.Սփիւռքի տնտեսական ներգրաւուածութիւն
5. Հայ ինքնութեան պահպանում
6.Սփիւռքի ներկայացուցչութիւնը կառավարման կառոյցներու մէջ
7. Ինքնակազմակերպուածութիւնը Սփիւռքի համայնքներուն մէջ
8.Հանրային առողջապահութիւնը Հայաստանի մէջ
9. Ընկերային բարեկեցութիւնը Հայաստանի մէջ
10. Կրթութիւնը Հայաստանի մէջ
11.Ուժանիւթի եւ կլիմայի վերաբերող հարցեր Հայաստանի մէջ
Գագաթնաժողովը յաջող չ'ըլլար, եթէ պահանջող կողմը չներգրաւէ նախարարութիւնները՝ ներկայացուած ամէնէն ազդեցիկ պաշտօնատարներով, որոնք կրնան ընդունիլ տուեալ առաջարկները, եւ եթէ իւրաքանչիւր թեմայի լաւագոյն սփիւռքահայ փորձագէտները չեն ընդգրկուած քննարկումներուն մէջ: Ներգրաւուած նախարարութիւններն ու ստորաբաժանումներն են՝
1.Արտաքին գործոց (ծրագիրին մէջ նախատեսուած է)
2.Պաշտպանութիւն (նախատեսուած չէ)
3.Տնտեսութիւն (նախատեսուած է)
4. Արդարադատութիւն (նախատեսուած չէ)
5.Առողջապահութիւն (նախատեսուած չէ)
6. Ուժանիւթ եւ կլիմա (նախատեսուած չէ)
7.Բարձր արհեստագիտութիւններ (նախատեսուած չէ)
8.Կրթութիւն (նախատեսուած չէ)
9. Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւն (նախատեսուած է)
10. Արտագաղթի գերատեսչութիւն – Օվիր (չէ նախատեսուած)
11. Ազգային ժողով (նախատեսուած չէ)
12. Սահմանադրական դատարան (նախատեսուած չէ)
13. Ազգային անվտանգութեան խորհուրդ (նախատեսուած է)
Մինչեւ այսօր Սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան լաւ օրինակները ցուցադրուեցան բացառապէս համատեղ մասնաւոր ձեռնարկութիւններու մէջ, ուր երկու կողմերը շահ ունէին:
Համագործակցութիւնը անկարելի պիտի ըլլայ, եթէ քաղաքական հիմնական ուղեցոյցները չպարզուին կառավարութեան կողմէ: Օինակ՝ լոպիինկէն եւ փափուկ ուժէն օգտուելու համար. ես կը մտածեմ, թէ արդեօք կազմակերպիչները հրաւիրեցի՞ն Հայ դատի յանձնախումբը, որ ուղղակիօրէն առնչուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ):
Եթէ այո, այդ կը նշանակէ կառավարութեան վերաբերումի հասուն շրջադարձ ՀՅԴ-ի նկատմամբ, որ, իր կարգին, ի ցոյց պիտի դնէ քաղաքական աւելի մեծ հասունութիւն՝ վերադառնալով Ազգային ժողովէն ներս քաղաքական գործունէութեան, ինչը սահմանադրականօրէն նախատեսուած է խորհրդարանական ընդդիմադիր կուսակցութեան մը համար:
Նոյն հարցումը կը ծագի խորհրդարանական բոլոր բարեկամական խումբերուն համար: Անոնք հրաւիրուա՞ծ են:
Գործադիր ու օրէնսդրական մարմիններուն մէջ Սփիւռքի ներկայացուցչութիւնը պէտք չէ մակերեսային ըլլայ: Այս իմաստով կառավարութիւնն ու վարչապետը պարտին յստակ ուղեցոյցներ տալ: Գագաթնաժողովի ընտրուած թեմաները բազմաթիւ են, զորս կարելի չէ ճիշդ քննարկել եւ հասնիլ ցանկալի լուծումներու: Կարելի էր աւելի քիչ թեմաներ ընդլայնել ու խորանալ անոնց մէջ:
Գագաթնաժողովը արդիւնաւէտ չ'ըլլար, եթէ գործադիր եւ օրէնսդրական մարմիններուն մէջ Սփիւռքի ներկայացուցչութեան ներգրաւման հիմունքները նախապէս չեն քննարկուած սահմանադրական մակարդակի վրայ, ինչպիսին է՝ ՀՀ քաղաքացիութեան ձեռքբերումը:
Գագաթնաժողովի ժամանակացոյցը ճիշդ չէ ընտրուած, քանի որ ան մէկ կողմէ կը զուգադիպի Հայաստանի եւ անոր գործընկերներուն (Ռուսիա, Թուրքիա եւ Ազրպէյճան) միջեւ յարաբերութիւններու առանցքային պահու հետ, իսկ միւս կողմէ՝ առկայ է Արցախի ապաբնակեցման վտանգ:
Ուրիշ նախաձեռնութիւններ զուգահեռաբար նախատեսուած են նոյն ժամանակահատուածին:
«Ապագայ հայ»-ը պիտի կազմակերպէ համաժողով մը տասը օր ետք, ուր պիտի քննարկուին երեք թեմաներ, որոնք պատրաստուած են անցնող երկու ամիսներուն՝ փորձագէտներու գլխաւորած մասնակցային գործընթացի ժամանակ: Սակայն թէեւ վերջինս ծրագրուած է ամիսներէ ի վեր եւ լաւ կազմակերպուած, ակնյայտ է, որ հասարակութիւնը զայն պիտի ընկալէ որպէս մրցակից Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատարի նախաձեռնութեան: