Սխալ գործողութիւնները, նոյնիսկ եթէ լաւ նպատակադրուած ըլլան, կրնան յանգեցնել ազգային աղէտի եւ հաւանաբար մեզ արագօրէն դուրս մղել պատմութենէն։ Մարտահրաւէրը պէտք է կայանայ բացայայտելու մէջ մեր այն ուժեղ կողմերը, որոնք յանգեցուցած են մեր անցեալի յաջողութիւններուն, եւ զանոնք ի գործ դնելու ներկայ ժամանակներուն շրջարկին, ինչպէս նաեւ այն համաշխարհային աշխարհաքաղաքական վերջին շարժումներու միջավայրին մէջ, որոնց ականատեսն ենք:
Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութեան այլընտրանքները կրնան սահմանափակ ըլլալ, սակայն սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն հսկայական եւ չօգտագործուած ներուժը կրնայ հետաքրքրական գաղափարներ յառաջացնել։ Առաջարկուող նախագծերը կը ներկայացնեն աշխատանքային ծրագիրներ, որոնք պէտք է Հայաստանը իրականացնէ, որպէսզի կարենայ ի գործ դնել աշխարհասփիւռ հայութեան ռազմավարական ներուժը: Ծրագիրը այն մասին չէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կառավարուի Հայաստանը ներքին առումով. իր նիւթը միմիայն Հայաստան-սփիւռք հարցերուն առնչուող յատուկ խնդիրներու վերաբերող նախաձեռնութիւններն են:
Ծրագիրը կը սահմանէ գործողութիւններու հինգ գլխաւոր առանցքներ, որոնք հիմնուած են «Մէկ երկրագունդ, մէկ ազգ» գաղափարին իրականացումը մշակելու հայեցակարգին վրայ.
- համախմբել հայերը՝ օրէնսդրական ներկայացուցչութեան միջոցաւ,
- համախմբել հայերը՝ պետական գործադիր պաշտօններու միջոցաւ,
- համախմբել հայերը՝ համաշխարհային մտաւոր ցանցերու (ուղեղային կեդրոններ) եւ մասնագիտական ընկերակցութիւններու միջոցաւ,
- համախմբել հայերը՝ հայրենադարձութեան ազգային ծրագրի միջոցաւ,
- համախմբել հայերը՝ լեզուական մշակոյթի միջոցաւ:
Շեշտը դրուած է գործնական քայլեր առաջարկելուն վրայ, փոխան՝ տեսութիւն մը մանրամասնելուն: Ժամանակը էական է: Ծրագիրը նախատեսուած է անյապաղ ընդունման եւ կատարման համար՝ յստակ առաջարկուող քայլերով։
Այս փաստաթուղթը կրնայ գործածուիլ նաեւ որպէս ընդհանուր ռազմավարական զեկուցագիր, որ ուղղուած է Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարներուն (նախագահ, վարչապետ, վարչապետի խորհրդական, փոխվարչապետ, խորհրդարանի նախագահ եւ այլք)՝ ազգային մակարդակով քայլեր ծրագրելու նպատակաւ: Կամ ալ՝ կրնայ նոյնպէս սահմանել համաշխարհային հայկական քննարկումներուն համար լուրջ եւ իրագործելի հարցերուն օրակարգը։
Սոյն փաստաթուղթին մէջ առաջարկուող քայլերը կը բխին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հետեւեալները նախաձեռնելու հրատապ անհրաժեշտութենէն.
- Աշխարհասփիւռ հայութիւնը համախմբել մէկ ազգային տեսլականի շուրջ:
- Սփիւռքահայութիւնը դրականօրէն եւ անյապաղ միաւորել ազգային տեսլականի իրագործելի կէտերուն շուրջ:
- Լուրջ քայլեր ձեռնարկելու միջոցաւ ցոյց տալ թէ Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է՝ ներառեալ բոլոր իրաւունքներով եւ արտօնութիւններով, որոնք կը բխին այդ ձեռնարկուած քայլերէն։
- Հայաստանի մէջ հաստատել արժանատիրութեան (մերիտոկրատիայ) երկարաժամկէտ մշակոյթ մը, որ հիմնուած կ’ըլլայ առաջարկուող ազգային տեսլականի տարրերուն վրայ:
- Կեդրոնանալ գոյութենական կարիքները հոգացող նախագծերուն վրայ, եւ աշխատիլ ազգային միասնութիւնը ամրապնդելու եւ պետութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ:
- Կեդրոնանալ համայն հայութեան ազգային ինքնութիւնը ամրապնդող նախագծերուն վրայ:
- Կեդրոնանալ լաւագոյն մասնագէտները գտնելու վրայ՝ որոնք փաստացիօրէն լաւագոյնն են իրենց ասպարէզներուն մէջ եւ որոնք կը փափաքին իրենց ներդրումը ունենալ ի խնդիր Հայաստանի բարօրութեան:
Առաջարկուող քայլերուն ընդհանուր բնաբանին գլխաւոր լոզունգն է՝ «Մէկ երկրագունդ, մէկ ազգ»: Բոլոր գործնական քայլերը պարտին ապացուցել, թէ ինչպէ՛ս կ’առնչուին այս բնաբանին:
Հինգ նախաձեռնութիւններուն մասին անգլերէնով տեղեկութիւն ստանալու համար՝ սեղմեցէ՛ք այստեղ.
Հայրենադարձութեան ազգային ծրագրին մասին հայերէնով տեղեկութիւն ստանալու համար՝ սեղմեցէ՛ք այստեղ իսկ անգլերէնով՝ սեղմեցէ՛ք այստեղ.