Համահայկական ռազմավարական մտադրութեան միաւորում

Սխալ գործողութիւնները, նոյնիսկ եթէ լաւ նպատակադրուած ըլլան, կրնան յանգեցնել ազգային աղէտի եւ հաւանաբար մեզ արագօրէն դուրս մղել պատմութենէն։ Մարտահրաւէրը պէտք է կայանայ բացայայտելու մէջ մեր այն ուժեղ կողմերը, որոնք յանգեցուցած են մեր անցեալի յաջողութիւններուն, եւ զանոնք ի գործ դնելու ներկայ ժամանակներուն շրջարկին, ինչպէս նաեւ այն համաշխարհային աշխարհաքաղաքական վերջին շարժումներու միջավայրին մէջ, որոնց ականատեսն ենք:

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքականութեան այլընտրանքները կրնան սահմանափակ ըլլալ, սակայն սփիւռքի մէջ ապրող հայերուն հսկայական եւ չօգտագործուած ներուժը կրնայ հետաքրքրական գաղափարներ յառաջացնել։ Առաջարկուող նախագծերը կը ներկայացնեն աշխատանքային ծրագիրներ, որոնք պէտք է Հայաստանը իրականացնէ, որպէսզի կարենայ ի գործ դնել աշխարհասփիւռ հայութեան ռազմավարական ներուժը: Ծրագիրը այն մասին չէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կառավարուի Հայաստանը ներքին առումով. իր նիւթը միմիայն Հայաստան-սփիւռք հարցերուն առնչուող յատուկ խնդիրներու վերաբերող նախաձեռնութիւններն են:

Ծրագիրը կը սահմանէ գործողութիւններու հինգ գլխաւոր առանցքներ, որոնք հիմնուած են «Մէկ երկրագունդ, մէկ ազգ» գաղափարին իրականացումը մշակելու հայեցակարգին վրայ.

  1. համախմբել հայերը՝ օրէնսդրական ներկայացուցչութեան միջոցաւ,
  2. համախմբել հայերը՝ պետական գործադիր պաշտօններու միջոցաւ,
  3. համախմբել հայերը՝ համաշխարհային մտաւոր ցանցերու (ուղեղային կեդրոններ) եւ մասնագիտական ընկերակցութիւններու միջոցաւ,
  4. համախմբել հայերը՝ հայրենադարձութեան ազգային ծրագրի միջոցաւ,
  5. համախմբել հայերը՝ լեզուական մշակոյթի միջոցաւ:

Շեշտը դրուած է գործնական քայլեր առաջարկելուն վրայ, փոխան՝ տեսութիւն մը մանրամասնելուն: Ժամանակը էական է: Ծրագիրը նախատեսուած է անյապաղ ընդունման եւ կատարման համար՝ յստակ առաջարկուող քայլերով։

Այս փաստաթուղթը կրնայ գործածուիլ նաեւ որպէս ընդհանուր ռազմավարական զեկուցագիր, որ ուղղուած է Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարներուն (նախագահ, վարչապետ, վարչապետի խորհրդական, փոխվարչապետ, խորհրդարանի նախագահ եւ այլք)՝ ազգային մակարդակով քայլեր ծրագրելու նպատակաւ: Կամ ալ՝ կրնայ նոյնպէս սահմանել համաշխարհային հայկական քննարկումներուն համար լուրջ եւ իրագործելի հարցերուն օրակարգը։

Սոյն փաստաթուղթին մէջ առաջարկուող քայլերը կը բխին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ հետեւեալները նախաձեռնելու հրատապ անհրաժեշտութենէն.

  1. Աշխարհասփիւռ հայութիւնը համախմբել մէկ ազգային տեսլականի շուրջ:
  2. Սփիւռքահայութիւնը դրականօրէն եւ անյապաղ միաւորել ազգային տեսլականի իրագործելի կէտերուն շուրջ:
  3. Լուրջ քայլեր ձեռնարկելու միջոցաւ ցոյց տալ թէ Հայաստանը համայն հայութեան հայրենիքն է՝ ներառեալ բոլոր իրաւունքներով եւ արտօնութիւններով, որոնք կը բխին այդ ձեռնարկուած քայլերէն։
  4. Հայաստանի մէջ հաստատել արժանատիրութեան (մերիտոկրատիայ) երկարաժամկէտ մշակոյթ մը, որ հիմնուած կ’ըլլայ առաջարկուող ազգային տեսլականի տարրերուն վրայ:
  5. Կեդրոնանալ գոյութենական կարիքները հոգացող նախագծերուն վրայ, եւ աշխատիլ ազգային միասնութիւնը ամրապնդելու եւ պետութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ:
  6. Կեդրոնանալ համայն հայութեան ազգային ինքնութիւնը ամրապնդող նախագծերուն վրայ:
  7. Կեդրոնանալ լաւագոյն մասնագէտները գտնելու վրայ՝ որոնք փաստացիօրէն լաւագոյնն են իրենց ասպարէզներուն մէջ եւ որոնք կը փափաքին իրենց ներդրումը ունենալ ի խնդիր Հայաստանի բարօրութեան:

Առաջարկուող քայլերուն ընդհանուր բնաբանին գլխաւոր լոզունգն է՝ «Մէկ երկրագունդ, մէկ ազգ»: Բոլոր գործնական քայլերը պարտին ապացուցել, թէ ինչպէ՛ս կ’առնչուին այս բնաբանին:

Հինգ նախաձեռնութիւններուն մասին անգլերէնով տեղեկութիւն ստանալու համար՝ սեղմեցէ՛ք այստեղ.
Հայրենադարձութեան ազգային ծրագրին մասին հայերէնով տեղեկութիւն ստանալու համար՝ սեղմեցէ՛ք այստեղ իսկ անգլերէնով՝ սեղմեցէ՛ք այստեղ.

SHARE ON

Submit a comment

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Մեկնաբանութիւն կատարեցէ՛ք

Your email address will not be published. Required fields are marked *