«Թուֆենկեան» հիմնադրամը անվճար բերքի սերմացու պիտի տրամադրէ՝ Արցախի պարէնային անվտանգութիւնը խթանելու համար։ Գիւղատնտեսութեան նախարարութեան Գիւղերու աջակցութեան հիմնադրամին հետ գործակցութեամբ՝ «Թուֆենկեան» հիմնադրամը 154 թոն սերմացու բաժնած է Արցախի բոլոր գիւղացիներուն։ Նախաձեռնութիւնը կը ներառէ հնդկաձաւարի, սիսեռի, ոսպի, կտաւատի սերմեր մշակութեան համար, ինչպէս նաեւ առուոյտի եւ քորկանի սերմեր՝ անասնակերի համար։ Ատրպէճանի կողմէ շարունակուող շրջափակումը մեծցուցած է տեղական սննդամթերքի արտադրութեան բարելաւման անհրաժեշտութիւնը Արցախի մէջ։ «Թուֆենկեան» հիմնադրամը Արցախի պարէնային անվտանգութեան եւ ինքնաբաւութեան բարձրացման ուղղուած այլ ծրագիրներու վրայ ալ աշխատած է, ի շարս՝ ապրիլ ամսուն 90 թոն գետնախնձորի սերմացու տրամադրելու ծրագրին։